Աշխատանք 3 | Վանի Դ․ գնդի կռիւը (մայիս 22)

Վանի Դ․ գնդի կռիւը (մայիս 22)

Այս օրերին լրանում է 1918 թվականի մայիսյան հաղթանակների եւ Հայաստանի անկախության հռչակման հերթական տարեդարձը: Հրապարակում ենք թեմային առնչվող մի քանի նյութ՝ վերցված 1918-ի մայիսի մամուլից, որոնք պետք է օգնեն ավելի լավ զգալու այդ օրերի կենդանի մթնոլորտը: 

Ներկայացնում ենք հատված 1918-ի մայիսի 29-ի «Աշխատանք» թերթից, որտեղ ներկայացվում է Սարդարապատին զուգահեռ ընթացող մարտերի ընթացքն Դավալուում եւ Ղամարլուում, ներկայիս՝ Արարատ եւ Արտաշատ: 

* * *

Մեր գունդը Դաւալուէն դուրս պիտի գար ամսի 21-ին, բայց որովհետեւ գիւղացիք բոլորովին չէին հեռացեր գիւղէն՝ գնդի հրամանատարական կազմը որոշեց ժողովուրդի մեկնումէն ետք միայն առաջ շարժուիլ։ Առաւօտեան ժամը 6-էն շարժման մէջ ենք, կարեւոր կէտերու վրայ ըստ սովորականին պահակներ կան։ Յանկարծ լուր ստացուեցաւ, որ հիւսիսային բլուրները բռնած են թուրքերը։ Անմիջապէս կարգադրուեցաւ, որ այդ բլուրները մեր ձեռք անցնին։ Կէս ժամէն հրամանը կատարուած էր։ Ժամը 10 ½-ին գնացքը հասաւ Դաւալու, իսկ 12-ին մեկնեցաւ դէպի Ղամարլու։ Գունդը, որ գնացքի մեկնելուն կսպասէր՝ առաջ շարժուեցաւ, իր հետ վերցնելով նաեւ այն գիւղացիները՝ որոնք հնարաւորութիւն չունէին իրենց սայլերն ու կենդանիները վագոններու մէջ տեղաւորելու եւ ստիպուած էին շոսէի ճանապարհով մեկնիլ։

Իւրաքանչիւր վաշտ, իր ստացած հրահանգի համաձայն, արդէն գործի վրայ էր, երբ համազարկերու ձայներ լսուեցան թուրքական Աւշար գիւղի կողմէն։ Պարզ էր, որ թուրքերը գնացքի վրայ յարձակեր էին, կը նշանակէր որ մեր ճանապարհը նոյնպես կտրուած էր եւ հեշտութեամբ չպիտի կրնայինք դուրս գալ, որովհետեւ մեր ճամբան կանցնէր թուրքական գիւղերու մէջէն։ Մեր աջ ու ձախ կողմերը թուրքական գիւղեր էին։ Ճակատեն՝ Աւշար, Շիրազլու, Կարալար, Մեծ-վէտի, իսկ թիկունքէն քիւրդեր կուգային։

Թշնամու ուժը 5000-ի կը հասնէր․ պաշարուած էինք չորս կողմէ։ Համազարկերն աւելի ու աւելի կը սաստկանային․ մենք կը գտնուէինք բաց դաշտին մէջ, իսկ հակառակորդը՝ նախապէս բռնած լաւագոյն դիրքերը։ Սոսկալի էր մեր կացութիւնը․ կը հարուածէին մեզի պատերու ետեւէն, տուներէն, բլուրներէն, մանաւանդ որ խիտ ծառերը ոչ մէկ հնարաւորութիւն կուտային թշնամիին երեսը տեսնելու։ Ի՞նչ պէտք էր ընել, երկար մտածելու ժամանակ չկար։ Մինչ գնդի հրամանատար Տիգրանը կացութեան ծանրութիւնը լիովին ըմբռնած մերոնց դիրքերը կորոշէր եւ հրահանքներ կուտար՝ յանկարծ լսուեցաւ Ասլանի խրոխտ ձայնը․

― «Տղերք, ինչ գնով էլ լինի՝ գիւղը պէտք է վերցնենք, զոհերու մասին մտածելու ժամանակ չկայ, պատուով մեռնինք․ դէհ առաջ»։

Ասլանը դեռ խօսք չէր վերջացուցեր՝ երբ ձիաւորներու վաշտապետ Գիժ Սիմոն, իր ձիաւոր վաշտով երկաթուղիի ուղղութեամբ խիզախօրէն առաջ սլացաւ՝ առանց ուշադրութիւն դարձնելու կարկուտի պէս տեղացող գնդակներուն։ Այդ ուղղութեամբ շղթայ կապած կառաջանար նաեւ Փիլիպոսի վաշտը։ Հրաման ստանալէն ետք՝ հարիւրապետ Օհանէս վար թռաւ ձիէն, հարիւրակի առաջն անցաւ եւ «ուռռա» կանչելով թշնամու դիրքերու վրայ առաջացաւ։ Ձախ թեւը բռներ էին Արամի վաշտն ու Լեւոնի հարիւրակը, իսկ Հալիստ թուրք գիւղի ուղղութեամբ, ձիաւորներու յիսնեակ մը բռնեց ամենաբարձր բլուրը։ 

Նշան իր ձիաւորներով կը պահէր Դաւալուի գիծը։ Մերոնք մեծէն մինչեւ փոքր, հրաշալի կարգպահութեամբ կը յարձակէին, «ուռռա» կորոտային չորս կողմէն, իւրաքանչիւր զինուորը կաշխատէր գերազանցել իր ընկերը։ Կռիւը հետզհետէ ուժգին եւ կատաղի կը դառնար։ Բերին մէկ քանի վիրաւորներ՝ սայլերու վրայ դնելու։ Անոնցմէ եւ ոչ մէկու երեսին յուսահատութեան կամ վախի նշոյլ կար։ Ժպտերես ու առանձին գոհունակութեամբ մը կը բարեւէին։ Աբոզն ու ոչխարներու հոտը կարճ ժամանակով մը կանգ առին ճանապարհի վրայ․ դժգոհ էին աբոզի վրայի տղաները, որովհետեւ անմասն էին մնացել կռիւէն։

Պիտի ըսել որ, մեր հրամանատարը առանձնապէս կը մտածէր աբոզի մասին, նախ որ պատրոններ ունէինք սայլերու վրայ իսկ երկրորդ, չափազանց վիրաւորական էր մեզի համար, երբ թշնամին մեր ոչխարներէն թէկուզ մէկ քանի հատ յաջողէր վերցնել իբր աւար։ Մերոնց գրոհին առաջ՝ թուքերը լքեցին իրենց առաջին դիրքերն ու փախուստի մատնուեցան․ մէկ մասը փախաւ դէպի ձախ, իսկ մեծ մասը փախաւ դէպի Շիրազլու գիւղը, ուր կենդրոնցան 6-7 գիւղի զինուած ուժեր։

Ամէնէն աւելի կատաղի էր կռիւը երկաթուղիի ուղղութեամբ։ Այնտեղ մերոնց բաւականաչափ նեղեցին, սակայն մեր կատաղի գրոհին դիմանալու անկարող՝ նահանջեցին։ Ժամ 1 ½-ին մերոնք գրաւեցին առաջին գիւղն եւ անցան Շիրազլու, որու դիմացի բլուրը շտապեց բռնելու Մանուէլն իր ձիաւորներով․ Շիրազլու նոյնպէս մերոնց ձեռքն անցաւ։ Հոսկէ մեր գնդացիրները եւ ձիաւորները վարէն կատաղի կրակ բանալով թշնամիի վրայ՝ զայն խուճապի մատնեցին։

Այսպէս, շարունակ կռուելով, մերոնք առաջացան Քիւչիւք-վէտիի ուղղութեամբ, ուրկէ քրդերն ու թուրքերը դէպի մեզ կառաջանային՝ նպատակ ունենալով մեր առաջը կտրել եւ գրաւել աբոզն ու ոչխարները։ Սակայն, մերոնք նոյնպէս ետ վանեցին թշնամին, ապահովելով աբոզի ճանապարհը։ Արդէն վտանգն անցեր էր, երբ Իւվացիները համազարկերու ձայներ լսելով՝ մեզի օգնութեան հասան 5 ժամուան կատաղի կռիւէն ետք, հասանք Իւվա, տալով 9 սպանուած եւ 33 վիրաւոր։ Թշնամին 100-է աւելի կորուստ տալով՝ սարսափահար թողուց ու փախաւ։ Իւվայի քով գնդի մասերը իրարու միացան․ ամենքի տրամադրութիւնը շատ բարձր էր։

Առանձնապէս նկատի պէտք է ունենալ եւ այն հանգամանքը, որ հրամանատարն ու իր օգնականը կռուի ընթաքին կողք-կողքի էին զինուրին հետ եւ կը խրախուսէին զանոնք։

Ղամարլու, 24 մայիս

Ականատես

Վանի Դ․ Գունդէն

սպանուած եւ վիրաւորներու ցուցակը

(Մայիս 22-ի կռուին)

Սպանուածներ․ ―

  1. Ասատուր Տ․ Մարտիրոսեան, Շիտանցի
  2. Փայէլ Մելքոնեան, Լէսկցի
  3. Բարշամ Օհանէսեան, Ծվստանցի
  4. Գալուստ Գրիգորեան
  5. Մուրատ Սարգիսեան
  6. Արշակ Շահէնեան
  7. Յարութիւն Բշերցի
  8. Դարմօ Մխիթարեան, Մոկացի

Վիրավորներ․ ―

  1. Արշակ Աւետիսեան, Կուռուպաշցի
  2. Յովակիմ Խաչատուրեան, Ադգայեցի
  3. Իգնատիո Օհանէսեան, Քէօշկեցի
  4. Յակոբ Շահինեան, Վանեցի
  5. Արամ Պետրոսեան, Քերծցի
  6. ենովք Մեսրոպեան, Դարաբէկցի
  7. Թորգոմ Սամուէլեան, Շատախցի
  8. Մուրատ Աւետիսեան, Տիրամէրցի
  9. Արմենակ Սահակեան, Ջանիկցի
  10. Մանուկ Դաւիթեան, Տրլաշէնցի
  11. Յարութիւն Սարգիսեան
  12. Գրիգոր Գասպարեան, Բերդակցի
  13. Թադէոս, Դաշբուռունցի
  14. Սուրէն Ժամագործեան, Վանեցի
  15. Խաչատուր Յակոբեան, Դարմանգիւղցի
  16. Ասատուր Ղազարեան, Լամզկերացի
  17. Մեսրոպ Յոխանեան, Դարմագիւղցի
  18. Վահան Գրիգորեան
  19. Պետրոս Փոխանեան, Մոկացի
  20. Մանուկ Ամիրեան, Ալիւրցի
  21. Խլղաթ Պետրոսեան, Գոմսեցի
  22. Վարդան Շահնազարեան, Նորովանցի
  23. Յովսէփ Նաւասարդեան, Արճէշցի
  24. Արշակ Մալանեան, Ալիւրցի
  25. Զադօ Խաչատուրեան, Ոզմեցի
  26. Սահակ Մխիթարեան, Մաշտակցի
  27. Թադէոս Ասպատուրեան
  28. Մարդար Բարօեան

Խորվիրապի կռուին

(Մայիս 26)

Սպանուածներ․ ―

  1. Ատոմ, Հիւրթիւկցի
  2. Մարտիրոս Թովմասեան, Ատէրցի
  3. Արմենակ Կիրակոսեան, Ալիւրցի
  4. Գէորգ Խաչատուրեան, Տրլաշէնցի
  5. Նշան Մարտիրոսեան
  6. Յովհաննէս Գէորգեան

Վիրավորներ․ ―

  1. Փոխան Մինասեան, Աղջվերանցի
  2. Ալէքսան Մանասեան, Կոճեցի
  3. Յարութիւն Մելքումեան, Պայբակցի
  4. Գարեգին Մանուկեան, Տրլաշէնցի 

«Աշխատանք», # 3 (203), մայիս 29 (16), Երեւան, 1918թ․


Աղբյուրը՝ hambardzum.am կայքի արխիվ