Անկախութեան ձգտումը գոյութեան հարց է

Lևոն Շանթ. Անկախութեան ձգտումը գոյութեան հարց է
Լեւոն Շանթ. Անկախութեան ձգտումը գոյութեան հարց է

Ներկայացնելով Ղարաբաղյան շարժմանը նախորդող հայկական քաղաքական հոսանքների պատմությունը՝ հրապարակում ենք հատված Լևոն Շանթի (1869-1951) «Անկախությունը պահանջ ազգային գոյության» (1922-23) հոդվածաշարից: Հատվածը վերցված է գրվածքի 8-րդ՝ «Անկախության ձգտումը գոյության հարց է» բաժնից, որը ներկայացնում ենք կրճատումներով: Ուշագրավ է, որ 1920-ականներին, հեղինակը մասամբ կանխատեսում է այն իրավիճակը, որը ստեղծվեց Հարավային Կովկասում 1988-ից հետո: Դա անշուշտ մարգարեական շնորհի արդյունք չէր, այլ իր սերնդի քաղաքական փորձից դուրս բերված վերլուծություն: Այլ բան է, որ փորձից դուրս բերված այդ տեսությունը ժառանգորդներ չունեցավ Սփյուռքում, որտեղ դրանից աստիճանաբար հրաժարվեցին նույնիսկ այն ուժերը, որոնք դրա կրողն էին համարվում: Դրա փոխարեն իր բնական վերածնունդն ունեցավ բուն Հայրենիքում՝ Ղարաբաղյան շարժման ծավալման ընթացքում, երբ անկախության գաղափարը եւ դրանից բխող քաղաքական ռազմավարությունը նորից ձեւակերպվեցին որպես քաղաքական պայքարի թիվ մեկ օրակարգ: 

* * *

I. Միակ բնական ճամբան

․․․

Ռուսը մեզի իր պէտքերուն ծառայեցընելէ եւ մեզի շարունակ մեր դրացիներուն հետ կռուեցնելէն ետքը՝ հաշւեյարդարութեան վայրկեաններուն, միշտ պիտի պահէ թաթարին ու վրացիին կողմը, որովհետեւ վիրն ու թաթարը հենց իրենց դիմադրութեամբ ու պահանջումներովը պիտի ներկայացնեն որոշ ուժ մը, որ ռուսը ստիպուած է հաշուի առնելու իր որոշումները տալու ժամանակ։ Իսկ իր սեփական կամքէն հրաժարած եւ իր պաշտպանութիւնը ամբողջապէս ռուսի զէնքին ու բաղդին կապած «բարեկամ», այսինքն՝ ողորմելի հայութեան վրայ ի՞նչ կարիք ունի անիկա շատ գլուխ յոգնեցնելու։

Եւ մենք բնաւ իրաւունք ալ չունինք ռուսը մեղադրելու․ անիկա իր հաշիւներն ունի։ Մենք միայն կրնանք մեղադրել մեզի, որ չունինք մեր հաշիւները, կամ որ ունինք, միայն սխալ հաշիւներ եւ անձնատըւութեան ու զինաթափութեան ապուշ ու յանցաւոր քարոզներ։

Ասկէ ետք Կովկասը ամբողջովին նստած պիտի ըլլայ ազգային ցնցումներու հրաբուխին բերանը, քանի մը տասնեակ տարին անգամ մը այդ քաղաքական գետնաշարժը ցնցէ պիտի Կովկասի այս ու այն մասը, որովհետեւ ամեն նոր եկող սերունդ ձգտի պիտի իրականացընելու ազգային երազը ամեն պատեհ առիթէն օգտըւելով․ որովհետեւ եթէ մեր վսեմաշուք պարոնները այդքան դիւրութեամբ կրնան հրաժարիլ իրենց հայրենիքէն ալ, իրենց անկախութենէն ալ, գուցէ եւ իրենց հայութենէն այլ, այդպէս չեն մտածեր եւ այդպէս չեն զգար մեր հարեւաններն ու համշիրակները, անոնք ամեն գնով հասնիլ կ’ուզեն իրենց անկախութեանը, եւ այդ ցնցումները վերջ չեն գտնելու, մինչեւ չհասնին իրենց նպատակին։

Պէտք է հասկնանք, որ ժամանակները կը քալեն։ Մարդկութիւնը հիմա հասած է հոն, ուր ամեն ազգ իր տէրը պիտի դառնայ, եթէ դառնալ չի կրցաւ՝ պէտք է ոչնչանայ։ Ազգային զգացումն ու ամբողջութեան գիտակցութիւնը քանի կ’երթայ կ’ուժեղանայ ժողովուրդներու մէջ, եւ հետզհետէ «հպատակ» ըսուած ազգութիւնը կը դառնայ անհանդուրժելի երեւոյթ մը թէ՛ տիրողներու համար, թէ տիրուածներուն։

Ով իր սրտին խորքը վերջնականապէս չէ հրաժարած ե՛ւ իր հայրենիքէն, ե՛ւ իր ազգային գոյութենէն ու ինքնութենէն, ե՛ւ հայութենէն պէտք է պարզ ու յստակ կերպով ըմբռնէ, թէ օգուտ չկայ մեզի ուրիշներէն, հանգիստ ալ չկայ մեզի ուրիշներէն։ Եթէ ազգովին ապրիլ, տեւել ու զարգանալ կ’ուզենք միակ ելքը անկախութիւնն է․ ուրիշ ճամբայ չկայ։

Արդեօք ուժերնիս պիտի բաւէ․ հասնի՞նք պիտի մեր ձգտումին, ատիկա ցոյց պիտի տայ կեանքը եւ պատմութիւնը, բայց ատիկա է մեր բռնելիք միակ ու անխուսափելի ճամբան․ եւ անոր համար ալ մեր բոլոր շարժումներուն, մտածումներուն, ծրագիրներուն, ձեռնարկումներուն, պրոպականտին ու քաղաքականութեան հիմքն ու առանցքը է եւ պէ՛տք է ըլլայ ձգտիլը անկախութեան։

II. Ամեն շեղում անիմաստ

Բոլոր ուժով եւ բոլոր միջոցներով ձգտիլ անկախութեան չի նշանակեր, իհարկէ, ռումբն ու հրացանը առնել եւ երթալ իսկոյն ռուսներուն դէմը կռուի, ինչպէս հասկնալ կը կեղծեն մեր հակառակորդները։ Մեր օրը-օրին ընելիքը, մեր ամեն օրուան բռնելիք դիրքը, այսինքն՝ մեր օրուան քաղաքականութիւնը միայն մեր կամքէն կախուած չէ, այլ մեր շրջապատի ու վայրկեանի իրական պայմաններէն, ուժերու դասաւորութենէն, ռուսներու եւ մեր փոքր դրացիներու բռնած դիրքէն, եւ մեր ունեցած ֆիզիքական ու հոգեկան ուժերու չափէն։ Գալու են ծանր վայրկեաններ, ուր խոնարհիլ ու լռել պիտի ստիպեն մեզի մեր տէրերը, գալու են օրեր բողոքի ու պահանջի, կրաւորական դիմադրութեան կամ ներգործական շարժումներու, ե՛ւ զէնքի ե՛ւ արեան, մինչեւ որ կտոր-կտոր փրցընենք մեր իրաւունքները եւ հասնինք մեր անկախութեան։

Անշուշտ, ցանկալի է, շատ ցանկալի, որ ինչքան հնար է կարճ տեւեն այդ մաքառումները, ինչքան հնար է ծայրայեղ ընդհարումներու չհասնինք, ինչքան հնար է զէնք ու արիւն քիչ խաղայ մեր ու ռուսներուն միջեւ։ Ոչ անոր համար, որ «երախտագիտութեան» զգացումը պիտի կասեցնէ մեզի ռուսի բերած «բարիքներուն» հանդէպ։ Կասկած չկայ, որ ռուսներու Կովկաս գալը շատ մը բարիք բերաւ հայուն, բայց ինչ որ երբեմն բարիք էր, հետզհետէ կդառնայ չարիք այս անցաւոր ու փոփոխական աշխարհիս մէջ․ այլեւս ի՞նչ բարիքի մասին կրնայ խօսք ըլլալ, երբ մեր ազգային գոյութեան եւ ինքնութեան հիմքը կը քանդեն։ Մենք պէտք է ջանանք ռուսներու հետ հնար եղածին չափ մեղմ ճամբաներով քալելու, կարելի եղածին չափ քիչ ճակատ ճակատի գալու՝ այն պարզ պատճառով, որ շատ են ուժեղ եւ մենք շատ տկար։ Եւ երկրորդ՝ ինչպէս ալ որ պատմութիւնը դառնայ, անիկա միշտ մնալու է մեր խոշոր դրացին եւ ամենէն աւելի «եւրոպացի» դրացին, որը բազմադիմի ձեւերով ազդելու է մեր ներքին ու արտաքին պայմաններուն վրայ, մեր բաղդին վրայ, մանաւանդ որ իր էութեան ու ստեղծագործութեան որոշ գծեր մօտիկ ու սիրելի են մեզի։

Ինչքան շիտակ, բաց ու անկեղծ ըլլան մեր յարաբերութիւնները եւ մեր պահանջը եւ մեր դիմադրութիւնը ռուսներուն հանդէպ, այնքան օգուտ է մեզի։ Ամեն տեսակի կարճաշապիկ պոլիտիկոսութիւններ, կեղծ ու ստրկամիտ համակերպութիւններ եւ «իբրեւ թէ» հրաժարումներ մեր իրաւունքներէն ու անկախութեան ձգտումէն, ինչպէս կ’առաջարկեն մեր նշանաւոր ալաթուրքա քաղաքագէտները, միայն արհամարհանք կ’առաջացնեն իսկական ռուս մարդու հոգիին մէջ, եւ աւելի կը դառնացնեն մեր փոխադարձ յարաբերութիւնները՝ դարձնելով մեզի անոնց աչքին նենգամիտ, դաւադիր ու խարդախ։ Միեւնոյն ժամանակ կ’աղաւաղեն մեր յարաբերութիւնները մեր անմիջական դրացիներուն հետ, ներկայացընելով մեզի երկերեսանի, անվստահելի ու պոչ-խաղացնող։ Մինչդեռ մենք ո՛չ մէկ պատճառ չունինք մեր նպատակն ու ձգտումը կեղծելու ու ծածկելու․ չէ՞ որ մեր մարդկային ամենատարրական իրաւունքն է, որ կը պահանջենք, եւ մեզի հետ է ամեն լաւ մարդու ներքին խորին համակրանքը, նոյնիսկ ռուսի որու շահուն առայժմ դեմ հակառակ է ատիկա։

Եւ վերջապէս ինչպէ՞ս կը ծածկես եւ ինչպէ՞ս կը կեղծես ձգտում մը, որ ուզենք-չուզենք ըլլալու է մեր բոլոր քայլերուն ու շարժումներուն ղեկավարող   զսպանակը։ Եւ ո՞վ կը հաւատայ մեր հրաժարիմներուն, ձեր երկրպագութիւններուն ու քծնանքին։ Անոնք, այդ օտարները, այդ տիրողները, մեր պոլիտիկաններէն շատ աւելի խորը կը տեսնեն, եւ գիտեն որ զարթնած եւ ընդունակ ժողովուրդ մը իր կամքովը հրաժարիլ չի կրնար ո՛չ իր իրաւունքներէն, ո՛չ իր անկախութենէն, եւ որ «փոքրիկները» կը խոնարհին միայն անկարելիութեան առաջ եւ ակռաները խածած։

Եւ մեր իմաստուններուն մեղայական հրաժարիմները, համակերպութեան ցուցադրումները կամ սուտ քարոզները ո՛չ թէ օտարները կը խաբեն ու կը քնացընեն, այլ կը թմրեցընեն միայն մեր մէջի խախուտ հոգիները, իրենց պարտաւորութենէն փախչելու համար պատրըւակ փնտռողները, ինչպէս եւ կը շըւարեցընեն մեր աղճատուած ու խաթարուած գաղութային հոգեբանութիւնը, օտար ազդեցութիւններու տակ մեծցող մեր երիտասարդութիւնը․ այսինքն՝ կը ջլատեն միայն մեր սեփական ուժերը։ Եւ այդ տեսակէտէն է, որ մեր պոլշեւիկներն ու ռամկավարները սիրելի են Մոսկուայի վարիչներուն, իբրեւ ազգային ուժի, կամքի ու կերպարանքի քայքայիչ տարր, իբրեւ կովկասեան ժողովուրդներու ձգտումներուն մէջը բաժանում մտցընող կարեւոր տարր։ Սիրելի ու արհամարհուած միեւնոյն ժամանակ։

Կրնայ ըլլալ, մինչեւ անգամ հաւանական է, որ ինչպէս մեր հարեւանները, այնպէս ալ մենք դեռ բաւական ատեն չունենանք մեր անկախութիւնը։ Կրնայ ըլլալ, որ դեռ առաւել կամ նըւազ երկար ժամանակ մը կովկասեան երկիրները եւ անկէ ալ ասդին գտնըւին ուղղակի ռուսի տիրապետութեան եւ հրամանին տակը։ Կրնայ ըլլալ, որ նոյնիսկ որոշ ժամանակի մը համար ձեռնտու ըլլայ մեզի իրերու այդ դրութիւնը, իբրեւ չարիքներեէն փոքրագոյնը. կրնայ ըլլալ  եւ հաւանական է։ Բայց նոյնիսկ այդ մեզի ձեռնտու եղած միջոցին մեր ժողովուրդը պէտք չունի հրաժարուելու իր անկախութեան ձգտումէն ու պահանջէն, ոչ իսկ «ժամանակաւոր» կերպով։ Եւ յանուն ի՞նչ բանի։

«Խոհեմ ըլլանք, եղբա՛յր, մտնենք ռուսին աչքը, պինդ բռնենք իր փեշէն, որ ռուսը մնայ Կովկաս, գոնէ առայժմ, թէ չէ, ա՛յ, թուրքը կեցած է մեր դրանը», այս է հիմնական մտածմունքը, այսինքն՝ դարաւոր մղձաւանջը թուրքը։

Աղէ՛կ, բայց այսպէս մտածողները կը մոռնան շատ կարեւոր կէտ մը, որ մեր ռուսին աչքը մտնելը կամ չմտնելը, ինչպէս եւ մեր ուզեմ-չուզեմը չափազանց չնչին խնդիր մըն է ռուսին համար, մանաւանդ արդի պարագաներուն մէջ, եւ ո՛չ մէկ լուրջ ազդեցութիւն չի կրնար ունենալ կատարուելիք դէպքերու ընթացքին վրայ։ Տղայական քաղաքագիտութիւն մըն է կարծելը, թէ մեր հրաժարիմները «հաւատարմութիւնը» եւ «բարեկամութիւնը» կրնան լուրջ դեր մը խաղալ, որ ռուսները Կովկաս գան, կամ Կովկաս մնան․ կամ Թուրքիայի դէմ պատերազմ  հրատարակեն, կամ վտանգի պահուն պինդ կենան ու պատշպանեն մեզի։

Ո՛չ։ Պոլշեւիկները եկան Կովկաս ո՛չ միայն հայերու, այլ եւ Ադրպեյջանի ու Վրաստանի ցանկութեան ու ջանքերուն հակառակ․ անոնք հիմա ալ փառաւոր նստած են Կովկասի մէջ, առանց մեր քեֆը հարցնելու, թէեւ իհարկէ ամեն առիթով կը շահագործեն մեր ժողովուրդներուն անունը։ Եւ եթէ վաղը արեւմտեան ճակատի բարդութիւնները կամ ռուսական ներքին պայմանները ստիպեն ետ քաշուելու Կովկասէն «առժամապէս», անոնք կ’ելլեն ու կ’երթան նորէն, առանց մեր քեֆը հարցընելու եւ առանց ոեւէ կարեւորութիւն տալու մեր բոլոր հրաժարիմներուն ու անձնուրացութեան։ Անոնք օր մը անգամ աւելի չեն մնար մեր սահմաններուն վրայ իրենց «աչքը մտած» հայերուն կոտորածն ու ցրւումը արգիլելու եւ մեր աշխարհի աւերման առաջը առնելու համար, ինչքան ալ որ պինդ կախուած ըլլան մեր պարոն ռամկավարները անոնց փեշէն եւ եթէ նոյնիսկ ուրացած ըլլան իրենց ե՛ւ հաւատքը ե՛ւ ազգը, ո՛չ միայն անկախութիւնը։ Իսկ, ընդհակառակը, եթէ ռուսներու ուժին ու հաշուին մէջը կայ Թուրքիայի հետ ընդհարում մը, անոնք առաջ կ’երթան, կը զարնեն ու կը գրաւեն նոր մասեր Թուրքիայի հայկական հողերէն, եւ կ’ընեն այդ բոլորը առանց մեր կողմէն մասնաւոր ջանքի, դրդումի կամ իրարանցումի․ թէեւ իհարկէ, եթէ պէտք եղաւ, կը շահագործեն ե՛ւ մեր անունը, ե՛ւ մեզի։ Իսկ մեր մասնակցութեան համար ալ, յօժար ու կամաւոր թէ ակամայ ու բռնի, միեւնոյնն է, անոնք շնորհակալութիւն յայտնելու չեն մեզի ո՛չ կռիւներու միջոցին եւ ո՛չ ալ մանաւանդ վերջը։ Ընդհակառակը, մեր աշխատանքին ու զոհաբերութեան բերած բաժինը պէտք է հայկական հարցի հեռաւոր ստուերն անգամ չերերայ այդ նոր գրաւուած հողերուն վրայ, եթէ հնար է։

Այնպէս որ, մեր անկախութենէն «գոնէ առայժմ», հրաժարելու քարոզները, ձեռնթափ ըլլալու յայտարարութիւնները, հպատակութեան ցոյցերը, համակերպութեան ու հաւատարմութեան շողոքորթութիւնները, առնւազն, ոչ մէկ բանի չեն ծառայեր, եթէ ռուս-թրքական ընդհարում մը տեղի չունենայ կամ եթէ տեղի ունենայ ռուսական յաջողութեամբ։ Իսկ եթէ տեղի ունենայ այդ ընդհարումը եւ դառնայ թուրքերու, անգլիացիներու կամ ուրիշի մը օգտին եւ վերջանայ ռուսներու նահանջով, երբ իմաստուն քաղաքականութիւնը մեզի ո՛չ միայն բարիք մը չի բերեր, այլ կը բերէ յաւելուածական խոշոր չարիք մը՝ իբրեւ ռուսականութեան երդուեալ գործիք մը ներկայացնելով մեզի։

III. Ամեն վարանում վնասակար

Ռուսներու հանդէպ մեր անկախութեան պահանջէն ձեռք վերցընելու ձեւեր առնելը ամեն տեսակէտներէ զուտ վնաս է միայն ու անկարելիութիւն։…

Մենք հրաժարիլ չենք կրնար մեր անկախութենէն, ինչքան ալ ուժեղ ու յաղթական ըլլայ Ռուսաստանը։ Ընդհակառակը, անոր ուժն ու մեծութիւնը կրկնակի պահանջ կը դնէ մեր վրայ կրկնակի թափով ձգտելու։ Խոշոր տիրապետութեան մը քայքայիչ ու ձուլող ու ցրուող ուժին դէմ մեր ազգային ինքնութիւնը կերպ մը պահել կարողանալու համար մեր ժողովուրդէն, մեր մտաւորականութենէն եւ տնտեսական բոլոր դասերէն պիտի պահանջըւի արտակարգ ջանքեր, կիսայեղափոխական, տնտեսական ու մտաւորական կեդրոնացման մը՝ մեր հողին վրայ։ Իսկ ասիկա հնարաւոր է միայն այն ժամանակ, երբ ուժեղ ազգային գիտակցութիւն եւ ուժեղ ազգային կամք կայ մէջտեղը, որ ուրիշ բառերով ըսել է անկախութեան լարուած ձգտում։ Որովհետեւ այդ բոլոր կեդրոնացումները իմաստ ունին միայն իր ազատութեան ձգտող ժողովուրդի մը համար, եւ իր հանգիստ եւ ուրիշին փեշերը փնտռող ժողովուրդ մը երբեք յանձն չի առներ այդ կարգի «խելառութիւններ» անձնազոհութիւններ։

Ասո՛ր համար է, որ անկախութեան ձգտումը միակ իրական ու հատու զէնքն է ժողովուրդի մը ինքնապաշտպանութեան համար ուրիշներու լծին տակ։ Եւ ձեռնաթափութեան ու համակերպութեան քարոզները, նոյնիսկ իբրեւ «երեսանց» կամ «առժամապէս» յանձնարարուածները, կը տանին շիփ-շիտակ մէկ հետեւանքի մը․ կը շփոթեն ու կ’աղօտեն ազգային զգացումը, եւ հրապարակ կը կանչեն անտաբերութիւնը, եսապաշտութիւնը եւ թուլամորթութիւնը, այսինքն կը մարեն ժողովուրդի մը դիմադրութեան ու ինքնապաշտպանութեան ուժը։

Եւ ի՞նչ ըսել է «առժամապէս»։ Առժամեայ կերպով կարելի է շարժումներ չընել, կարելի է կանգ առնել, կարելի է ետ-ետ քաշուիլ ու նահանջել, կարելի է շրթունքները խածնել ու լռել, կարելի է «գետնին տակը» մտնել․ այս բոլորը բնականոն ընթացքն է ամեն մաքառման ու ամեն պատերազմի, մանաւանդ ամեն երկարատեւ պայքարելու ու պատերազմելու։ Բայց ասիկա ըսել չէ, թէ ձեռնթափ են եղած պատերազմելէ կամ հրաժարուած են դիմադրութենէ․ խրամատներուն մէջ ամիսներով անգործ նստած զինուորը պատերազմի վրայ է, տարիներով կեանքի նշոյլ ցոյց չի ընւող յեղափոխական կազմակերպութիւնը կռուի վրայ է։ Եւ այդպէս ալ գիտեն եւ այդպէս ալ կը զգան ամենքը, եւ ատոր համար ալ կը հալածեն։

Առժամապէս մեր անկախութենէն հրաժարիլ յանձնարարող պարոնները կը մոռնան նաեւ մէկ ուրիշ կարեւոր բան․ կը մոռնան, որ հանրային զգացումները, ազգային ձգտումները, մտաւորականութեան մը ղեկավար ըմբռնումները եւ ընդհանրապէս ժողովուրդներու հոգին մոմ չէ, որ ուզած ժամանակդ հանգցնես, ուզած ժամանակդ վառես, երբ այդ նշանաւոր վայրկեանը հասած ըլլայ։ Անգամ մը մարելէն ետքը նորէն վառելը շատ է հարցական․ ինչպէս եւ շատ է դժուար հանգցնելը, երբ անգամ մը վառուած է։ Կը մարի այսինչ կամ այնինչ մարդու հոգին, ուր խեղճ ու քիչ է եղած վառելանիւթը, բայց կը վառին ու կը բռնկին միւսները, թարմերը, նորերը եւ հարուստները վառելանիւթով։

Եւ ատոր համար է, որ կեանքը կ’երթայ դէպի աջ իր ճամբով, իսկ զինաթափութեան, համակերպութեան եւ հրաժարման քարոզները դէպի ձախ իրենց գալարուն եւ «իմաստուն» ուղիներով։ Եւ մէկը միւսի հետ գործ չունի, որովհետեւ ժամանակներուն պահանջը եւ ժողովուրդներու մարդավայել ու ազգավայել ապրելու բնազդը շատ աւելի զօրեղ է ու իմաստուն, քան բոլոր կաղլիկ սիլլոկիզմներն ու միշտ մէկ կողմը ծակ չոր դատողութիւնները։

Կայ վերջապէս ուրիշ կարեւոր հոգեբանական կէտ մը, որ նմանապէս իրաւունք չունինք մոռացութեան տալու, նոյնիսկ ժամանակաւորապէս։ Եթէ մեր ժողովուրդի ու մեր մտաւորականութեան հոգիին մէջէն յաջողինք մարելու կամ քնացնելու անկախութեան պահանջն ու ձգտումը, տեղը կը մնայ սոսկալի դատարկութիւն մը։ Մենք որ ոչ պետութիւն, ոչ բանակ, ոչ կեդրոնացում ունինք, որ ցրուած ենք կամ հպատակ, եւ կ’ապրինք ուժեղ օտար ազդեցութիւններու ու ճնշումներու տակ, մեզի անհրաժեշտ է զօրեղ ընդհանուր կապ մը, ուժեղ ընդհանուր զգացում մը, զօրաւոր յենարան մը, մեր միութիւնն ու ամբողջութիւնը եւ մեր ազգային կենսունակութիւնը պահել կարենալու համար։ Ժամանակ մը, երկար դարերու ընթացքին եւ մահմետական լծի տակ, մեր եկեղեցին է խաղցած այդ կարեւոր պահպանողական ու պաշտպանողական դերը գէշ աղէկ․ հիմա այլեւս եկեղեցին անզօր է նոյն դերը խաղալու․ փոխուած են ե՛ւ ժամանակները, ե՛ւ պայմանները ե՛ւ ըմբռնումները։ Հիմա այդ հին կրօնին տեղը բռներ է նոր կրօն մը, հին եկեղեցին փոխարինուած է նոր եկեղեցիով մը։ Այդ նոր դաւանանք է ժամանակակից մարդկութեան ամենէն բարձր, ամենէն արդար եւ ամենէն ազնիւ ըմբռնումը՝ ազգերու հաւասարութեան ազգերու ինքնորոշման եւ ազգերու անկախութեան դաւանանքը։ Եւ մեր նոր դաւանանքին տաճարը, մեր հայրենի հողն է, մեր հայրենիքը, որու լրիւ ու ազատ տիրացմանը պէտք է ձգտինք, ու կը ձգտինք։

Հաւատքը միշտ ալ եղած է, եւ է, ժողովուրդի մը միացնողը, ժողովուրդի մը վառողն ու հրողը, որովհետեւ հաւատք կը նշանակէ համոզում, կը նշանակէ ոգեւորութիւն, կը նշանակէ ինքնավստահութիւն։ Եւ մենք ունինք այդ հաւատքը․ հաւատքը՝ մեր ապագային, քաղաքակրթական դերին, մեր հայրենիքի բարձրացման ու մեր անկախութեան։ Ով չունի մեզմէ այդ հաւատքը՝ դատապարտըւած է կորուստի, իբրեւ հայ ժողովուրդի անդամ։

Ժողովուրդները, որոնք փարած են գաղափարի մը, որոնք որոշ յստակ ձգտում մը ունին, որոնք երազով մը կ’ապրին, այդ գաղափարին ու այդ ձգտումին համար այնքա՜ն-այնքան կը տառապին ու անչափ զոհեր կուտան, բոցով ու մուրճով ծեծուած երկաթի մը պէս, կ’ըստանան բացառիկ ուժ մը, որը մեզի նման ժողովուրդներու համար ամենէն կարեւոր պայանն է դիմացկունութեան, ինչպէս եւ յաջողութեան։ Որովհետեւ մեր միայն նիւթական միջոցները շատ տկար են՝ դիմադրել կարողանալու համար մեր շրջապատի քաղաքական զինական, տնտեսական, մտաւոր ու կուլտուրական անհամեմատ աւելի ուժեղ ճնշումներուն։ Միայն ոգին, միայն գաղափարը, միայն կամքն ու համոզումը կրնան ճակատ տալ այսքան ուժեղ հակառակ հոսանքներուն։ Միայն կտրուկ, յամառ ու անձնազոհ ձգտումը, ինչ կ’ըլլայ թող ըլլայ, կամ մեռնելու կամ յաջողելու։

Եւ ասոր մէջն է այն մեծ հրապոյրը, այն դերը եւ այն մեծ ուժը որ ունին մեր անկախութեան եւ մեր ինքնութեան համար ապրող ու մեռնող մարդիկը մեր ժողովուրդին հանդէպ։ Եւ ասոր մէջն է հայ պոլշեւիկներու եւ հայ ռամկավարներու անուղղելի, անսրբագրելի ու անճար խեղճութիւնը հայ ժողովուրդի սրտին, հայ ժողովուրդի հոգիին խօսելու։ Մարդիկը հանել կ’ուզեն հայուն սրտէն հաւատքը, վստահութիւնը, գաղափարը, եւ ցած են դրեր իրենց ամենէն սուր զէնքը՝ անկախութեան ձգտումը․ ալ ի՞նչպէս կ’ուզեն, որ յաջողութիւն ունենան, ինչո՞վ կ’ուզեն տաքցնել ու կենդանացնել հայութիւնը, «կոմունիզմո՞վ» «անարխիզմո՞վ»։ Եւ ի՞նչ է իրենց ուզածը․ ալ ի՞նչ գործ ունին հայ ժողովուրդին հետ, քանի որ այդպէս անտարբեր կերպով կը նետեն մեր անկախութեան գաղափարը, անպէտք ու երկրորդական իրի մը պէս։ Կ’ըսեն՝ «Հայ ժողովուրդի պահպանումը»։

Հայ ժողովուրդի ինչի՞ն պահպանումը․ մեր խոշոր աչքերուն ու խոշոր քիթերո՞ւն պահպանումը։ Չէ որ մեր թիւն ալ, մեր աշխատանքն ալ, մեր հարստութիւնն ալ, մեր ընդունակութիւններն ալ հազար ծակերով ու առուներով կը վազեն ու կը կորչին, կ’երթան, կը ջրեն ուրիիշներուն արտերը, իսկ մեր արտը կը չորնայ։ Հայ ժողովուրդը պահելու մասին մտածողը, պէտք է մտածէ հայու թըւական, տնտեսական ու մտաւորական ուժերու կեդրոնացման մասին, պէտք է մտածէ հայու ազգային զարգացման ու գիտակցութեան ուժեղացման մասին, իսկ ասոնք հնարաւոր են միայն այն ժամանակ, երբ կ’ապրի հայ հոգիին մէջ իր անկախութեան համոզումը, եւ երբ մեր բոլոր գործերուն ղեկավարը կը դառնայ հայ ժողովուրդի անշեղ կամքը իր անկախութեանը հասնելու։


Հատված Լեւոն Շանթի երկերը, Հատոր Ե հրատարակությունից (Բեյրութ, 2008)

Աղբյուրը՝ hambardzum.am կայքի արխիվ