Ռուբեն Տեր-Մինասյան. Հայաստան եւ Ադրբեջան | Մաս 2
Ռուբեն Տեր-Մինասյան. Հայաստան եւ Ադրբեջան| Մաս 1
Վերը ըսուածներէն պէտք է եզրակացնել, թէ մեր հիւսիսի կողմը ստեղծուած է ժողովրդական զանգուած մը, որ իր քաղաքական օրիենտացիայով բոլորովին տարբեր է Աղուանից եւ Ուտեաց ուղղութենէն, եւ թէ այս նոր օրիենտացիան հիմնապէս դէմ է հայերու շահերուն եւ նոյնիսկ գոյութեան։
Այս նոր ուղղութիւնը կը ձգտի հայոց եւ Հայաստանի դիակին վրայով միանալ թուրքին, կամ առնուազն ստրկացնել եւ ճնշել հայ ժողովուրդը։
Ահա այս ուղղութիւնն է մեր հիւսիսի հարեւանի, որ մահու եւ կենաց յարատեւ պայքարի պատճառ դարձած է։
Տարբեր օրիենտացիան միակ պատճառը չէ այս կենսական պայքարին․ կան նաեւ տնտեսական, հողային եւ ազգային հարցեր։ Ասոնք պարզելու համար պէտք է տեսնենք, թէ ի՞նչ կը ներկայացնէ Ադրբեջանը՝ իր ազգագրական նկարագրով եւ իր տնտեսական կառուցուածքով։
Ադրբեջանը ըստ էության իբր երկիր տնտեսական մէկ միաւոր չէ, այլ երկու տարբեր տնտեսական միաւորներէ է բաղկացած։ Պատահականութիւն պէտք է համարել, որ այսօրուան Ադրբեջանի մէջ առաջները երկու ժողովուրդներ, երկու պետութիւններ եղած են․ այս երեւոյթը ունեցեր է իր տնտեսական պատճառները։
Արդէն ըսի, որ Ադրբեջանը կը գտնուի մեծ եւ փոքր Կովկասներու միջեւ եւ կը բաժնւի Կուր գետով երկու մասին․ Կուրի աջ եւ ձախ ափերու շրջաններ Ադրբեջանը բաժանած է հետեւեալ գաւառներու․ ձախ ափը՝ 1) Աղտաշ, 2) Բագու, 3) Գէօկչայ, 4) Զաքաթալա, 5) Նուխի, 6) Շամախի գաւառները, բացի ասոնցմէ 7) Ղուբայ գաւառը, որ գտնուելով մեծ Կովկասի հիւսիսը, աշխարհագրականօրէն մաս կը կազմէ Տաղստանի։ 8) Սալեան, եւ 9) Լէնքօրան գաւառները, որոնք, գտնուելով Արաքսէն հարաւ եւ Կասպից ծովու ափին, տնտեսականօրէն ու ազգագրականօրէն Պարսկաստանի շարունակութիւնն են։
Այս 9 գաւառներու հետ Հայաստան տնտեսապէս քիչ առնչութիւն ունի, որովհետեւ այդ 9 գաւառներէն 7-ը իրենց ջուրերով եւ ոռոգումներով կապուած են միայն մեծ Կովկասի հետ, իսկ Սալեան եւ Լէնքօրան՝ Կասպից ծովու եւ Թալինի լեռներու հետ։
Այս շրջաններու արգաւանդ դաշտերը կապուած են մեծ Կովկասի ժայռոտ լեռներու հետ, եւ այդ աղքատ լեռներու բնակիչներն են շահագրգռուած իրենց ոտքի տակ եղած դաշտերով, եւ այդ դաշտաբնակներն ալ շահագրգռուած են մեծ Կովկասի արօտատեղիներով։
Ադրբեջանի ընդհանուր տարածութիւնն է 74.900 քառ․ քիլօմէթր, վերստի հաշուով 69.500 քառ․ վերստ, ասկէ 44.000 քառ․ վերստը կը կազմեն վերոյիշեալ 9 գաւառները։
Այս ընդարձակ հարթավայրը, որ ամփոփուած է Կուրի, Կասպից ծովու եւ մեծ Կովկասի միջեւ, կլիմայական միատեսակ պայմաններ ունի, միատեսակ ճոխ բնութիւն՝ շնորհիւ մեծ Կովկասէն բղխող ջուրերուն։ Հոդ կը գտնուին նաւթի հանքային շերտերը, բամբակի, բրինձի դաշտերը, եւ կովկասեան լեռներու զովաստաններն ու ռազմական բանալիները։
Ըստ էութեան՝ այս շրջանը շաղկապուած է իր տնտեսութեամբ, երկրագործութեամբ, ջրով եւ մանաւանդ պաշտպանութեան յենարաններով մեծ Կովկասին, ասոր հիւսիս գտնւող Դաղստանին եւ Կասպից ծովուն հետ։ Իսկ Հայաստանի հետ շաղկապուած է այն չափով, ինչքան իրարու հարեւան ամէն մէկ երկիր քաղաքականապէս։
Այս աշխարհագրական հանգամանքը մեծապէս ազդած է ժողովրդի էթնօգրաֆիկ կազմութեան եւ անոր դասաւորման վրայ։ Այս շրջաններու մէջ կը գտնուին Ադրբեջանի հանքերն ու հարուստ հողերը, եւ այս պատճառով ալ հոդ է կենդրոնացած ժողովրդեան երեք չորրորդը։ Ըստ 1917-ի մարդահամարին՝ Ադրբեջանի 2.208.590 ազաբնակութենէն 1.663.139 կը գտնուին այդ 44.000 քառ․ վերստի 9 գաւառներու մէջ։
Ուրեմն Ադրբեջանի էութիւնը կը գտնուի, թէ՛ ազգաբանկութեան, թէ՛ արդիւնաբերութեան եւ թէ՛ հարստութեան տեսակէտէ, Կուրի ձախ ափին։
Միւս կողմէ՝ այս 9 գաւառներու մէջ գտնւելով նաւթային շերտերը, բամբակի դաշտերը եւ մեծ Կովկասի բանալիները, Ռուսաստանի ուշադրութիւնը ատոնց վրայ է կեդրոնացած։ Անդրկովկասի մէջ չկայ աւելի թանկարժէք անկիւն Ռուսաստանի համար քան այս անկիւնը։ Եւ Ռուսաստան իր գաղթականութեամբ ամենէն ուժեղն է Ադրբեջանի այս մասերուն մէջ։
Իսկ Դաղստանի հողազուրկ լեռնականները, իրենց լեռներու ջուրերուն ընթացքով, յամրաքայլ կ’իջնեն դէպի Կուր՝ հող եւ հարստութիւն ձեռք բերելու համար։ Ասոր իբր հետեւանք՝ Կովկասի ստորոտները Զաքաթալայէն մինչեւ Բագու ազգաբնակութեան կերպարանքը ոչ թէ թաթարական է, այլ աւելի շատ Դարղէնցի, Կիւրինցի, Ինէլօյցի, Ուտիցի, Աւառներ, Ջէկէր, Կռէզներ, Գաբիդուլներ, Թաթ լեռնականներ։
Այս բազմաթիւ ցեղերն ու ազգերը ոչ մէկ առնչութիւն, ցեղակցութիւն կամ լեզուակցութիւն ունին թուրքերու հետ․ բայց բաժան բաժան եւ իսլամ ըլլալով՝ թաթարական մեծամասնութիւնը ատոնց կը թելադրէ իր կամքը եւ այդ երկրամասին տուած է թաթար-թուրք բնոյթ, թէեւ ինքը լոկ համեմատական մեծամասնութիւն է։
Այս պատկերէն կը տեսնուի, թէ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի այս մասին հետ տնտեսական բաղխման հիմնական պատճառներ չկան։ Հայութիւնը, ըլլալով փոքր Կովկասի ժողովուրդ եւ ոչ թէ մեծ Կովկասի, այդ շրջանը կրնայ տնտեսական եւ ազգագրական տեսակէտէ կռուախնձոր ըլլալ միմիայն մեծ կովկասցիներու եւ ներկայ բնակիչներու միջեւ։ Այս շրջաններուն մէջ չէ, որ հայութիւնը հող կ’որոնէ, ձմեռանոց կ’ուզէ, ոչ ալ այս շրջանի բնաիչներն են, որ իրենց տնտեսութեան համար պայման կը դնեն Հայաստանի ամառանոցներն ու արօտատեղիները։
Ադրբեջանի այս շրջանին համար աղքատ Հայաստանը տնտեսական արժէք չէ եւ ոչ ալ հրապուրիչ, ան նոյնիսկ չի ձգտիր իրեն բաղկացուցիչ Կուրի աջ ափին։ Այս 9 գաւառները, ունենալով ինքնամփոփ եւ ինքնաբաւ տնտեսական վիճակ, բնաւ առիթը չունին բաղխուելու Հայաստանի հետ տնտեսական կամ հողային հարցերու գետնի վրայ, եւ փոխադարձաբար։
Այս շրջանի մէջ հաստատուած Առելի, Շամախի եւ Բագուի հայութիւնը, որ պատերազմէն առաջ 128.000 կը հաշուուէր, պիտի համարել իր երկրէն խլուած գաղութ մը միայն։ Այս հայութիւնը, որ այսօր ալ շոշափելի քանակ կը կազմէ, պատճառ չպիտի դառնար մեր եւ Ադրբեջանի բարի դրացիական յարաբերութեանց խանգարման, եթէ չըլլային տնտեսական, հողային եւ ազգային այլ հակադիր պայմանները, որոնք գոյութիւն ունին Ադրբեջանի երկրորդ մասին՝ Կուրի աջ ափին գաւառներուն եւ Հայաստանի միջեւ։
* * *
Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ եղած պայքարներու հիմնական պատճառները պէտք է փնտռել Կուրի աջ ափին տնտեսական ու հողային շաղկապման մէջ Հայաստանի հետ եւ անոր ազգագրական կազմուածքի ու դասաւորման մէջ։
Պարզենք մեր միտքը։
Այսօր Ադրբեջանի մէջ են մտցուցած Կուրի աջ ափը մինչեւ Արաքսի եզերքը՝ մօտ 25.000 քառ․ վերստ տարածութիւն։ Այս տարածութեան կէսը նախկին Սիւնիքի, Արցախի, Գարդմանի հայկական գաւառներն են, իսկ կէսն ալ նախկին Աղուանից աշխարհն է։ Հին Աղուանից մասին մէջ, որ կը բռնէ ուղիղ Կուրի աջ ափի հարթավայրը, ինկած փոքր Կովկասի եւ Կուրի միջեւ, այսօր աղուանից փոխարեն կը գտնուին մեծամասնութեամբ ադրբեջանցի թաթարներ, կամ հին աղուանները՝ ձուլուած թաթարութեան մէջ։
Այս զանգուածը կը բռնէ մեծամասնութեամբ ներկայ Ղազախի, Աղդամի, Ջիբրայիլի գաւառները եւ Գանձակի գաւառի դաշտային 5 գաւառները։ Այս գաւառները կը կազմեն նեղ ու երկար շերտ մը՝ դասաւորուած Կուրի ափերուն, որ իր արեւելեան ծայրով կը լայնանայ եւ կը բռնէ Արաքսի ու Կուրի միջին տարածութիւնը։
Այս հարթավայրի տարածութիւնը 12.500 քառ․ վերստէն աւելի չէ եւ ունի մօտ 328.000 ազգաբնակութիւն։ Այս ընդարձակ դաշտերէն կը բարձրանան փոքր Կովկասի կամ Ղարաբաղի լեռները։ Այս լեռները, որ Հայաստանի ողնաշարը կը կազմեն եւ կ’իշխեն յիշեալ հարթավայրի վրայ, կտրած են հայկական բարձրաւանդակէն եւ միացուցած Ադրբեջանին։ Լեռնային այս շրջանը բաժնած են 3 մասի՝ Գանձակի լեռնային մասը 4 գաւառակներով, ինքնավար Ղարաբաղ եւ ինքնավար Քիւրտստան։
Այս երեք շրջանները իրենց բնութեամբ բոլորովին տարբեր են մեր յիշած դաշտային չորս շրջաններէն։ Մինչ լեռնային շրջանը անտառապատ է, դաշտայինը անտառազուրկ է․ մինչ լեռնայինը զովասուն է, քարքարուտ ապառաժներէ կազմուած՝ պէտքական միայն խաշնարածութեան եւ աղքատ գիւղատնտեսութեան, դաշտայինը ունի տաք կլիմայ, բերիի դաշտեր՝ սեւահող շերտերով, արգաւանդ երկիր՝ ընդունակ հարուստ տնտեսութեան։ Լեռնային շրջանը հարուստ է բազմապիսի հանքերով, իսկ դաշտայինը հանքազուրկ է։ Վերջապէս ամէն ինչով այս երկու գօտիները տարբեր են իրարմէ։
Ինչպէս հին ժամանակները, այսօր ալ տարբեր են այս երկու շրջաններու ժողովուրդները՝ իրենց արհեստով, բնաւորութեամբ եւ ազգային ու լեզուական ծագումներով։ Լեռնային մասերը, ինչպէս հին ժամանակները, հայկական են, պարունակելով իբր փոքրամասնութիւն քիւրդեր, իսկ դաշտային մասերը թաթարական են, պարունակելով իբր փոքրամասնութիւն հայեր եւ այլ նորեկ ցեղեր։
Այս հակադրութիւնը գոյութիւն ունենալով հանդերձ կարելի չէ ըսել, թէ լեռնային 3 շրջանները չեն շաղկապուած դաշտային 4 շրջաններու հետ․ ընդհակառակը՝ այս տարբերութիւնները կարծես եկած են լրացնելու իրարու պակասը, ամբողջութիւն մը կազմելու համար։
Լեռնային շրջանները կ’իշխեն բացարձակօրէն դաշտային շրջաններու վրայ մինչեւ Կուրի եւ Արաքսի ափերը, բայց լեռնական հայեր, ինչպէս հին ատեն նոյնպէս այժմ, անկարող են իրենց ցեղով բնակելի դարձնել տաք կլիմայի տակ ինկած այդ հարթավայրը։ Դաշտային մասը հարուստ է հողով եւ արգասաբեր, բայց ան իր բոլոր ջուրերը պիտի ստանայ աղքատ, բայց ջրառատ լեռներէն։ Թէեւ լեռները հարուստ են հանքով ու անտառով, բայց չունին հաց ու բամպակ, բրինձ ու միրգ, զորս պիտի ստանան դաշտային մասէն։ Թէեւ դաշտը հարուստ է ձմեռային արօտատեղիներով, բայց զուրկ է ամառային արօտատեղիներէ եւ, փոխադարձաբար, լեռն ալ զուրկ է ձմեռանոցներէ։ Լեռը ցանքսի հող չունի, բայց կենդանաբուծութեան յարմար է․ իսկ դաշտը հող ունի, բայց կենդանաբուծութեան յարմար չէ։
Այս պայմանները տնտեսական տեսակէտէ երկու տարբեր գօտիները իրարմէ կախեալ վիճակի մէջ դրած են, այնպէս որ մէկը առանց միւսին կը դառնայ կիսատ եւ անպաշտպան։
Այս դրութիւնը պարզելով կարելի է եզրակացնել, որ Հայաստան եւ անոր ողնաշար լեռնային գաւառները՝ Ղարաբաղ եւն․, տնտեսական սերտ առնչութիւն ունին Կուրի աջ ափի հարթավայրին հետ, եւ փոխադարձաբար իրարմէ կախեալ վիճակի մէջ են, որ Կուրի աջ ափի դաշտային մասը իսպառ տարբեր բնոյթ ունի, թէ՛ կլիմայով եւ թէ՛ տնտեսութեամբ, Լեռնահայաստանէն, եւ որ այդ երկու գօտիները, ինչպէս առաջները՝ այժմ ալ տարբեր ազգագրական կազմ ունին, առաջները դաշտերու մէջ աղուաններ, լեռները հայեր, իսկ այսօր դաշտերը թաթար, լեռները հայեր։
* * *
Ցոյց տալու համար, թէ դաշտային Ղարաբաղ եւ Գանձակ որքան են կապուած ոչ միայն լեռնային Ղարաբաղի, այլ ընդհանրապէս Հայաստանի հետ, աւելորդ չեմ տեսներ յիշել գլխաւորապէս Կուրի աջ ափէն դէպի Հայաստան ամառանոց ելած կենդանիներու թիւը եւ անոնց յատկացուած արօտատեղիներու քանակը։
Խորհրդային Հայաստան-ի 1351 թիւին մէջ կը յիշատակուի, թէ ըստ երկրագործական բաժնի տեղեկութեանց, 1926-ին Հայաստանի ամառանոցներն են ելած 1.030.000 կենդանիներ 13 ճանապարհներով․ արօտատեղիները բաժանուած են տեղացիներու եւ դրսէն եկածներու միջեւ հետեւեալ կերպով․
Երեւանի գաւառին մէջ տեղացիներուն 24.450 դեսեատին, դրսէն եկածներուն 9.7000 դեսեատին։
Էջմիածնի գաւառ՝ տեղացիներուն 31.400 դ․, դրսէն եկածներուն՝ ― ։
Լենինականի գաւառ՝ տեղացիներուն 19.700դ․, դրսեցիներուն՝ 16.600 դ․։
Նոր Բայազէտի գաւառ՝ տեղացիներուն 44.700 դ․, դրսեցիներուն՝ 15.800 դ․։
Լոռի – Փամպակի գաւառ՝ տեղացիներուն՝ 19.200 դ., դրսեցիներուն՝ 20.100 դ.:
Դիլիջանի գաւառ՝ տեղացիներուն 27.000 դ․, դրսեցիներուն՝ 29.000 դ․։
Դարալագեազի գաւառ՝ տեղացիներուն 9.500 դ․, դրսեցիներուն՝ 33.800 դ․։
Զանգեզուրի գաւառ՝ տեղացիներուն 19.200 դ․, դրսեցիներուն՝ 80.800 դ․։
Մեղրիի գաւառ՝ տեղացիներուն 4.450 դ․, դրսեցիներուն՝ 980 դ․։
Այս թիւերը ցոյց կուտան, թէ Հայաստանի հողերը նոյնքան եւ աւելի կ’օգտագործուին Ադրբեջանի ժողովրդեան կողմէ, որքան բնիկ հայ ժողովրդի կողմէ։ Երբ հեռաւոր հայկական գաւառները այս համեմատութեամբ կ’օգտագործուիին, պէտք է մտապատկերել թէ ո՛րչափով կ’օգտագործուին մերձաւոր Ղարաբաղի, Գանձակի, Քրդիստանի հողերը՝ հարեւան դաշտային Ղարաբաղի կողմէ։
Երբ այս տնտեսական կապակցութիւնը կայ Հայաստանի եւ գլխաւորապէս դաշտային Ղարաբաղի միջեւ, իսկ միւս կողմէ ալ երկու շրջաններու դրութիւնները տարբեր են աշխարհագրական կուլտուրական եւ ազգագրական տեսակէտներէ, ապա ուրեմն խնդիրը լուծելու քանի մը դրութիւններ կարելի է առաջադրել։
Քանի որ Կուրի աջ ափի հարթավայրը յենուած է փոքր Կովկասի վրայ եւ անոր հովանիին ներքեւ է, որ պիտի գտնէ իր ապահովութիւնը, իր դաշտերու ոռոգումը եւ արօտատեղիներէն օգտուելու միջոցը․
Քանի որ լեռնային մասերը անխուսափելիօրէն տնտեսական կապակցութիւններ ունին դաշտային մասերու հետ․
Եւ քանի որ այդ երկու երկրներու բնակիչները եղած են եւ են տարբեր ազգային ծագում ունեցող ժողովուրդներ, լեռներու հայը՝ անսովոր ապրելու տաք դաշտերուն մէջ, իսկ դաշտերուն աղուանները, այսօր թաթարները՝ անսովոր ապրելու քարոտ լեռներու մէջ․
Ուստի այդ երկու գօտիները՝ ազգագրական, աշխարհագրական, կլիմայական եւ մշակութային հիմունքներով, պիտի ըլլան տարբեր երկիրներ, տարբեր պետութիւններ․ իսկ ռազմական, տնտեսական հիմունքներով այդ անկախ երկիրները պիտի շաղկապուած ըլլան իրարու հետ քաղաքաական-տնտեսական հողի վրայ, այն աստիճանի ինչպէս երկու տարբեր միութիւններ մէկ ամբողջութեան մէջ։
Առաջին տեսակէտը կրնայ ըլլալ՝
Քանի որ դաշտային մասերու համար անհրաժեշտ են լեռնային մասերը, պէտք է, առանց ի նկատի առնելու լեռնային մասի տարբեր բնոյթը, միացնել դաշտային մասին եւ անոր միջոցով Ադրբեջանին։
Երկրորդ տեսակէտը կրնայ ըլլալ՝
Քանի որ լեռնային մասը Ադրբեջանի դաշտային մասերուն համար, եւ քանի որ Հայաստանի գաւառներուն միացումով պիտի իրագործուի պանթուրանիզմը, ուստի ոչ միայն լեռնային մասերը, այլ ամբողջ Հայաստանը (բացի Ալեքսանդրապոլի գաւառէն) միացնել Ադրբեջանին՝ Արազդաեան, Նախկռայ, Ղարսի Շարա կամ որեւէ այլ անուան տակ։
Երրորդ տեսակէտ մը՝ Քանի որ ոչ միայն լեռնային Գանձակ եւ Ղարաբաղ, այլ ամբողջ Հայաստանը անհրաժեշտ է տնտեսական տեսակէտէ Ադրբեջանի դաշտային մասերուն համար, եւ քանի որ Հայաստանի գաւառներուն միացումով պիտի իրագործուի պանթուրանիզմը, ուստի ոչ միայն լեռնային մասերը, այլ ամբողջ Հայաստանը (բացի Ալեքսանդրապոլի գաւառէն) միացնել Ադրբեջանին՝ Արազդաեան, Նախկռայ, Ղարսի Շարա կամ որեւէ այլ անուան տակ:
* * *
Եթէ կ’ուզուի հայ-թաթարական, Հայաստան-Ադրբեջանյայտնի կամ լուռ պայքարը հասկնալ, պէտք է վերոյիշեալ երեք մտայնութեանց եւս գիտակցիլ՝ տարբեր օրիենտացիայի խնդիրէն զատ։
Ժողովուրդներու յարաբերութիւնները կարելի չէ բարելաւել կոյր ձեւանալով եւ կամ բարեացակամութեան եւ եղբայրութեան կեղծ խօսքեր ընելով։ Անգամ մը եւս պէտք է մխրճւի մեր մտքին մէջ այն հասկացողութիւնը, թէ այդ հնարաւոր է միմիայն փոխադարձ շահերու գիտակցութեամբ եւ համադրութեամբ։
Այսօր, ի ցաւ հայ ժողովրդի, պէտք է գիտնալ թէ մեր հիւսիս հարեւան Ադրբեջանը, ըլլայ մուսավաթ, ըլլայ կոմունիստ, բնաւ միտք չունի իր շահերը հայոց շահերու համադրութեամբ ղեկավարելու․ ան ընդգրկած է առաջին եւ երկրորդ տեսակէտները հայկական գաւառներու եւ Հայաստանի վերաբերմամբ։
Այսինքն՝ քանի որ հայ ժողովուրդը քաղաքական աննպաստ պայմաններու մէջ է դրուած, քանի Կուրի ձախ ափը գտնուող Ղազախի, Գանձակի, Ղարաբաղի եւ Ջիբրայէլի դաշտային մասերուն համար տնտեսական եւ ռազմական մեծ նշանակութիւն ունին լեռնային Գանձակ, Ղարաբաղ եւ Զանգեզուր, ուստի առնուազն այժմ պէտք է յիշեալ հայկական եւ հայաբնակ գաւառները միացնել Ադրբեջանին։ Եւ որովհետեւ Արաքսի ու Կուրի մէջ ինկած ամբողջ փոքր կովկասեան Հայաստանը կը ներկայացնէ տնտեսական մէկ միութիւն, եւ որովհետեւ նոյնիսկ ներկայ Հայաստանի հողերը պէտք են դաշտաբնակներու համար իբր արօտատեղի, ուստի պէտք է ամբողջ Հայաստանը վերացնել եւ զայն կցել Ադրբեջանին, ստեղծելու համար միապաղաղ երկիր մը Կասպից ծովէն մինչեւ Ղարս, ուր այժմ նստած են իրենց եղբայրակից համարուող թուրքերը։
Ահա այս վարքագիծը ունի մեր հիւսիս արեւելեան հարեւան նորաստեղծ Ադրբեջանը։
Այս վարքագիծը թէօրիական վիճաբանութիւն չէ միայն, ոչ ալ վարկած։ Անոնց այս ընթացքն է պատճառ եղած հայ-թաթարական ընդհարումներուն․ այդ է եղած պատճառը Գանձակի, Զանգեզուրի, Ղարաբաղի ապստամբութեանց եւ Հայաստանի ու Ադրբեջանի պատերազմներուն։
Հակառակ ժողովրդեան կամքին՝ այսօր Զանգեզուրի մէկ մասը Քիւրդ Կռայ անուան տակ, Ղարաբաղը եւ Գանձակը միացուցած են Ադրբեջանին։ Այս գաւառները բռնի խլած են Հայաստանէն եւ զանոնք վերածած դիակի մը՝ ինկած Ադրբեջանի եւ Թուրքիոյ ոտքերուն տակ։
Այսօրուան այս ողորմելի իրողութիւնը նախատեսելով էր, որ Դաշնակցութիւնը չվարանեցաւ զէնքի դիմելու եւ պատերազմելու։ Ան իր կռիւներով կրցաւ միայն շատէն քիչը փրկել՝ իր ձեռքին պահելով Դիլիջանն ու Զանգեզուրը։ Ան լսեց խրատներուն բժ. Համբարձումեանի, որ այսօր բազմած է Դաշնակցութեան արիւնով կերտած Հայաստանի նախագահութեան աթոռին վրայ․ ան լսեց խրատներուն Տէր Գաբրիէլեանի, թէ Ադրբեջանի վարքագիծը պիտի փոխուի Հայաստանի վերաբերմամբ, թէ բոլշեւիկ կարգերը հեռու են ազգաջինջ էմփէրիալիստ վարքագծէ, թէ Գանձակ, Ղարաբաղ Հայաստանի մասը պիտի դառնան առանց արիւնի։ Ո՞վ պիտի ուզէր անպայման խնդիրը լուծել արիւնահեղութեամբ․ լսեցին մեր զօրքերը այդ խրատներուն, եւ Շուշիի, Ասկերանի տակէն Դրօի բանակը դարձաւ Հայաստան։
Կը վախնայինք անտեղի կռուարար ըլլալէ․ բայց խաբուեցանք։ Բոլշեւիկ Ադրբեջանը մնաց հիմնովին նոյնը, ինչ որ էր Ռասուլ Զատէի, Խան Խոյսկիի Ադրբեջանը։ Չքացան ասոնք, հեռացան Խալիլ, Նուրի, Քեազիմ փաշաները, բայց անոնց ոգին եւ ուղղութիւնը մնաց Աղամալ Օզիլներու, Հիւսէյնովներու մէջ։ Վերջինները աւելի նենգամիտ եղան քան առաջինները, ստախօսութիւնն իսկ իբր զէնք գործածեցին։ Երբ 1920-ի ամրան Հիւսէյնովը կը հեռագրէր, թէ եղբայրական Ադրբեջանը կը նուրիէ Հայաստանին Ղարաբաղը, պահ մը հաւատացինք, թէեւ մեր մալը մեզ կը նուիրէր։
Թէ սուտ եւ թէ ճիշդ բոլոր խօսքերը մէկդի դնելով եւ առաջնորդուելով ներկայ փաստական դրութենէն, պիտի եզրակացնել, որ Ադրբեջանը բնաւ նկատի չունի հայուն եւ Հայաստանի կենսական շահերը, որ կ’ուզէ Հայաստանը ծառայեցնել իբր դիակ Ադրբեջանի սնուցման, պաշտպանութեան եւ պանթուրքիզմի ծրագիրներուն համար։
Եթէ այսպէս է, որքան ալ ըլլայ Ադրբեջանի օգտին, ի վնաս Հայաստանի է, եւ հայ ժողովուրդը եթէ իրօք դիակ չէ, չի կրնար հանդուրժել։ Հայ ժողովուրդը դեռ մեռած չէ․ եւ այսօրուան բոլոր եղբայրական խօսքերը, խաղաղութեամբ վէճը լուծելու կանչերը դատարկ են, որքան չէ փոխուած իրական գոյավիճակը:
* * *
Այս բոլորէն պարզ կ’երեւայ, որ գոյութիւն ունեցող դրութենէն Հայաստան մեծապէս կը վնասուի, ինչպէս ցոյց տուած ենք «Դրոշակ»-ի մէջ հրատարակուած մեր յօդուածներով։ Բայց հարց կը ծագի․ արդեօ՞ք Ադրբեջանը իրապէս կօգտուի եղած դրութենէն։ Եթէ Ադրբեջանի աշխարհագրական սնափառութիւնը բաւարարուած է իր իշխանութեան տակ առած ըլլալով հայակական գաւառները, իր առջեւ չոքած տեսնելով Հայաստան երկիրը բայց թէ ըստ էութեան Ադրբեջանի ժողովուրդը նիւթական եւ ֆիզիքական ապահովութեան մէ՞ջ է արդեօք։
Այս հարցերուն պատասխանները բացասական են։ Հայաստանի եւ հայ ժողովրդի լուռ կամ յայտնի թշնամութիւնը շատ թանկ է նստած եւ կը շարունակէ թանկ նստիլ Ադրբեջանի զանգուածին համար։ Այս կը հաստատեն վերջին զեկուցումը Անդրկովկասեան համագումարին մէջ։ Ան կը խօսի թիւերով եւ հետեւեալ պատկերը կուտայ Գանձակի 4 հայ եւ 5 թուրք գաւառներու մասին։
Այնտեղ կան 11.630 տնտեսութիւն կամ 56.325 շունչ թուրք թաթար, 7.328 տնտեսութիւն կամ 36.948 շունչ հայ, 6.585 տնտեսութիւն կամ 33.077 շունչ ռուս, գերման եւ այլք․ ընդհանուր գաւառներու մէջ 126.350։
1927-ի ընդհանուր վիճակագրութիւնը ցոյց կուտայ քիչ մը աւելի նոյն տարածութեան վրայ, այսինքն՝ 142.000 ազգաբնակութիւն, իսկ Գանձակ քաղաքի մէջ 55.519 բնակիչ։
Եթէ ներկայի պատկերը այս է, այժմ տեսնենք թէ ինչ էր պատկերը 1912-ին (տե՛ս Կովկասեան Տարեգիրք, 1913թ․)։
Գանձակ գաւառին մէջ ազգաբնակութեան թիւը՝ 213.302, քաղաքին մէջ 55.578։ Ասոնցմէ հայ 49.514, թաթար (սիւննի եւ շիա քրդեր) 140.379, իսկ բոլոր մնացած ժողովուրդները՝ լեռնական, ռուս, գերման, հրեայ, քիւրդ, վրացի եւն․, ընդամէնը 23.409։
Եթէ նկատի չառնենք այն հանգամանքը, որ ժողովուրդը պէտք էր աճէր, 1912-էն վերջ, ան պակսած է մեծ չափերով։ Եւ պակսողները եղած են գլխաւորապէս թաթարները, կոտորակուելով երկու երրորդով, պակսած են հայերն ալ, բայց աւելի համեստ չափերով, իսկ աւելցած են ռուսները անհամեմատ չափով։
Նոյն աղէտալի պատկերը կը ներկայացնեն թաթարական դաշտային Ղարաբաղը եւ հայկական լեռնային Ղարաբաղը։ Երկուքն ալ պակսած են, բայց թաթարը աւելի պակսած, քան հայը եւ միայն ռուսը աւելցած։
Թիւերէն աւելի ցայտուն փաստեր կրնա՞ն գոյութիւն ունենալ։ Եթէ Ադրբեջան ձգտեր է հաստատելու թուրք-թաթարական գերակշռութիւն այդ շրջանի մէջ, ահա վերջին 10 տարուան մուսավաթ ու կոմունիստ փորձերը հակառակ արդիւնք տուած են։ Հայկական գաւառները գրաւելով Ադրբեջան փաստօրէն ինքնասպանութիւն է գործած, թէեւ վնասած է նաեւ հայերուն։ Ադրբեջանի բռնած վարքագիծը համապատասխան չէ ոչ իր շահերուն, ոչ հայերու շահերուն, այլ միմիայն սպիտակ կամ կարմիր Ռուսաստանի շահերուն, քանի որ ռուսներն են աւելցողները եւ շուտով փոքրամասնութեան մէջ պիտի դնեն թաթարները։
Եթէ Ադրբեջանի մուսավաթ կամ կոմունիստ ղեկավարները ի նկատի առած ըլլային իրենց ժողովրդեան շահերը, այն ատեն չպիտի տարուէին ռուսին մաքեավէլական ներշնչումներէն եւ իրենց իշխանութեան տակ չպիտի ընդունէին լեռնային Գանձակը, Ղարաբաղը եւ այլ հայկական գաւառները, որոնք իբր թոյն կը քայքայեն եւ պիտի քայքայեն Ադրբեջանի օրկանիզմը։
Արդեօ՞ք այս ճշմարտութիւնը կ’ըմբռնեն Ադրբեջանի ղեկավարները․ մեր գործը չէ թէ կըմբռնե՞ն թէ ոչ․ մեր գործն է բնականոն վիճակի մէջ դնել մեր երկիրը, անոր միացնելով իր իսկ օրինական մասերը, եւ այսպէսով ազատել թէ՛ հայ եւ թէ՛ թաթար ժողովուրդները ստոյգ քայքայումէ։
* * *
Ցոյց տալէ ետք Ադրբեջանի վարքագիծերուն (վերը յիշուած առաջին եւ երրորդ տեսակէտներ) վնասակարութիւնը, պէտք չէ եզրակացնել, թէ մենք կ’առաջադրենք լուծել հարցը մեր վերը մատնանշած երկրորդ տեսակէտի համաձայն։
Բնականաբար, երբ հայ միտքը յստակ կերպով կը տեսնէ, թէ թուրք իթթիհատական կամ քեմալական կառավարութիւնները, իրագործելու համար իրենց պանթուրքական ծրագրերը, մէկ կողմէ կ’ընդարձակեն իրենց սահմանները ի վնաս Հայաստանի, եւ միւս կողմէ՝ կը թելադրեն Ադրբեջանին ընդարձակել իր սահմանները ի վնաս Հայաստանի, չի կրնար անտարբեր մնալ եւ այս պարագային կը դարձնէ մտածողութեան նիւթ։
Ոմանք իրաւացիօրէն կը մտածեն, թէ քանի որ Կուրի եւ Արաքսի մէջ եղած տարածութիւնները՝ փոքր Կովկասի երկու փէշերը, որոնք կը հանգչին երկու գետերու ափերուն, ունին մէկ ամբողջական տնտեսական պայմաններ, եւ այդ տարածութեան վրայ ապրող ազգաբնակութեան մէջ հայը կը կազմէ աւելի քան 70 առ հարիւր տոկոսը, ուստի ինչո՞ւ դաշտային Գանձակ, դաշտային Ղարաբաղ անբաժան մասը չպիտի կազմեն Հայաստանի։
Այսպէս մտածողները աւելի լուրջ հիմքեր ունին քան ադրբեջանցիք։
Այսօր Կուրի աջ ափին ինկած դաշտային մասերուն մէջ կան 328.000 բնակիչ, որոնցմէ 250.000 թուրք-թաթար։ Արդ, եթէ Ադրբեջան, այս 250.000-ը հիմք ունենալով, իրենց միացուցած է լեռնային մասերը 250.000-է աւելի ազգաբնակութեամբ, որու 90 առ հարիւրը հայեր են, եւ տակաւին ախորժակ ունի իրեն միացնել Զանգեզուրը, Դիլիջանը եւ ամբողջ Հայաստանը, որոնց ազգաբնակութեան 90 առ հարիւրը նոյնպէս հայ է, ինչո՞ւ դիրքերը չփոխել, եւ 900.000 բնակիչ ունեցող Հայաստանին չմիացնել լեռնային Ղարաբաղը, Գանձակը, դաշտային Գանձակը, Ղազախը եւ Ղարաբաղը մինչեւ Կուր։
Իրենք՝ ադրբեջանցիք կը պատճառաբանեն, թէ Կուրի եւ Արաքսի միջեւ ինկած տարածութիւնները մէկ միութիւն կը ներկայացնեն, եւ թէ դաշտային մասերը շաղկապուած են լեռնայինի հետ։ Արդ, եթէ այս հիմքերուն վրայ յենուինք միայն եւ նպատակ դնենք Հայաստանի սահմանը ունենալ հարաւէն Արաքսը եւ հիւսիսէն Կուրը, այն ատեն ներկայ Հայաստանի հետ միասին ազգաբնակութիւնը պիտի ըլլայ, ըստ 1927 թուականի մարդահամարի, հետեւեալը․ Հայաստան 867.000, Գանձակ 142.000, Ղազախ 114.000 ինքնավար Ղարաբաղ 117.000, դաշտային Ղարաբաղ (Աղտամ) 50.000, Քրդստան 50.000, Ջիբրայիլ 71.000 ընդամէնը 1.411.000 հոգի, որոնցմէ աւելի քան մէկ միլիոնը հայեր են եւ մնացածը զանազան ժողովուրդներ։ Ասով հայերը կը կազմեն ընդհանուր ազգաբնակութեան 73 առ հարիւորը, ինչ որ կը նշանակէ թէ այդ տարածութիւնները դարձեալ կը մնան որպէս Հայաստան։
Այս մտածելակերպը աւելի արդար է քան Ադրբեջանի ընդգրկած վարքագիծը։ Բայց այս տեսակէտը չէ որ որդեգրած է Դաշնակցութիւնը, քանի որ այդ համապատասխան չէ ժողովուրդներու համակեցութեան եւ վերջնական խաղաղութան սկզբունքներուն։
Ինչպէս սկիզբը յիշեցի, հին ժամանակները լեռնային այդ գաւառները միշտ եղած են Հայաստանի անբաժան մասերը՝ Գարդման, Աղւաձոր, Վարանդա, Դիզակ, Ջիվանշիր, Արցախ, Սիւնիք, Խաչէն եւ այլ անուններով, եւ միշտ ալ հայաբնակ, այն ինչ լեռնային Ղարաբաղի հարթավայրերուն մէջ կ’ապրէր ուրիշ ժողովուրդ մը՝ Աղուանք։ Այս երկու ժողովուրդները երբեք ալ չեն ապրած մէկը միւսին ուտելու աչքով, ընդհակառակը՝ կ’ապրէին համերաշխ, մէկը միւսին թերիները լրացնելով։ Համակեցութիւնը տիրական սկզբունքն էր։
Այս սկզբունքին վրայ կանգնած է, որ մենք միշտ ալ տասնեակ տարիներէ ի վեր առաջադրած ենք, թէ՛ ցարերուն եւ թէ՛ բոլշեւիկներուն, լեռնային մասերու Հայաստանին կցուելու անհրաժեշտութիւնը, պայմանով Հայաստան պարտաւոր ըլլայ Կուրի աջ ափի դաշտաբնակներուն դիւրութիւններ տալու իր ամառային արօտատեղիներէն օգտուելու, եւ փոխադարձաբար լեռնական հայերն ալ օգտւին դաշտային մասէն իբր ձմեռանոց։
Այս հիմունքով եւ այս սյզբունքով վերլուծած ենք արդէն սահմանաւորման խնդիրը մանրամասնօրէն «Դրօշակ»-ի մէջ։ Չկրկնենք, միայն շեշտենք որ անհրաժեշտ է լեռնային Ղարաբաղը, Գանձակը եւ ամբողջ Զանգեզուրը կցել Հայաստանին։
Այդպէս կը պահանջեն ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ Ադրբեջանի շահերը։ Այս կերպով է միայն, որ հնարաւոր պիտի ըլլայ խաղաղ կենակցութիւն հաստատել երկու հարեւան պետութիւններու միջեւ։
Այս անհրաժեշտութիւնը կը բղխի ոչ թէ անհատներու կամ Դաշնակցութեան ցանկութենէն միայն, այլ ժողովրդական զանգուածներու աւանդութիւններէն, բնազդներէն եւ գոյութեան շահերէն։
* * *
Տեղի է յիշեցնել անգամ մը եւս այն կորստաբեր ընթացքը, որուն կը հետեւին Անդրկովկասի վարիչները Հայաստանի եւ Ադրբեջանի վերաբերմամբ։ Անոնք այնպիսի կացութեան մէջ դրած են այս երկու երկրները, ինչպէս ժամանակ մը ցարերը, որ բնաւ չկարենան ներդաշնակ կենացկութիւն ստեղծել եւ միշտ պայքարի մէջ ըլլան իրարու հանդէպ, իրար չեզոքացնեն, իրարու միս ուտեն, որպէսզի իրագործուի իրենց բուն նպատակը։ Այսինքն՝ հայու եւ թաթարի փլուզումով իրենց իշխանութիւնը հաստատուի եւ երկիրը վերածուի ռուսներով լեցուած գաղթավայրի։
Ասիկա ցոյց կուտայ, որ բոլշեւիկները եւս կը հետեւին «բաժանեա զի տիրեսցես» քաղաքականութեան եւ չեն յարգեր ազգերու ինքնորշման սկզբունքը։ Եթէ այդպէս չըլլար, ժողովուրդը ինքը արդէն կը լուծէր խնդիրը։ Բազմաթիւ ժողովուրդական համագումարներ Շուշիի, Գանձակի մէջ արտայայտած են իրենց կամքը, թէ լեռնային Ղարաբաղ, Գանձակ ինքզինքին կը համարեն Հայաստանի մասերը։
Եթէ բոլշեւիկները ազգագրական դրութիւնը հաշուի չեն առներ եւ երկրի տնտեսական ամբողջութիւնը նկատի ունին, դարձեալ այդ մասերը Հայաստանին պիտի կցէին, որովհետեւ Ադրբեջանի Կուրէն ձախ ինկած երկրամասերը գաւառներով մինչեւ Կովկասի շղթան եւ Կասպից ծովը մէկ տնտեսական ամբողջութիւն են, իսկ Կուրի աջ ինկած երկրամասերը մինչեւ Արաքս, մինչեւ Էրզրում եւ Տաւրոսի շղթան՝ մէկ տնտեսական ամբողջութիւն։ Ուրեմն այդ պարագային դաշտային Ղարաբաղը պիտի միանար Հայաստանին։
Ոչ այ կ’ընեն բոլշեւիկները, ոչ ալ այն, այլ կամայականութեամբ եւ արհեստական բաժանումներով երկու երկրները կը պահեն պայքարի մէջ։ Չափով մը ներելի պիտի ըլլար, եթէ բոլշեւիկներու վերաբերմունքը տգիտութենէ բղխեր, բայց այդպես չէ․ անոնց ընթացքը հետեւանք է դաւադիր քաղաքականութեան մը՝ նիւթուած Անկորայի եւ Քրեմլինի մէջ, որուն գործակատարներն են այսօրուան Ադրբեջանի սոցիալիստ Աղամալօղլիները, Օրախաչւիլիները եւ Լուկաշինները։ Այս դաւի հանդէպ է ահա, որ մենք չենք կրնար անտարբեր մնալ եւ չպիտի մնանք։
* * *
Եզրակացնենք ―
Ադրբեջանը այսօր, իբր պանթուրանիզմի եւ տաճիկ իմփէրիալիզմի յառաջապահը, ժամանակաւոր վտանգ մըն է Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին հանդէպ։ Միաժամանակ ան դարձած է պարարտ հող բոլշեւիկեան էնթրիկներու, որոնք կը խորացնեն ազգամիջեան անթակոնիզմը։
Մեր դիրքը պիտի ըլլայ՝ ձգտիլ ամէն գնով Հայաստանին միացնելու անոր անբաժան մասերը, եւ միաժամանակ ջանալ կուլտուրապէս, տնտեսապէս, բարոյապէս բարձրացնել Ադրբեջանի զանգուածները։ Այսպէս կը պահանջեն ոչ միայն մեր, այլ եւ մեր հարեւանի շահերը։ Ազգային եւ ժողովրդական արդար շահերու գիտակցութեամբ է միայն, որ արտաքին ներշնչումները պիտի չքանան եւ ժողովուրդները պիտի ապրին համակեցութեամբ։
Ադրբեջանի մէջ իսլամիզմի ոչնչացումը կ’ոչնչացնէ իրեն հետ մատնանշուած վտանգը։ Ադրբեջանի կուլտուրական զարգացումը պատճառ պիտի դառնայ, որ զօրանայ անոր զանգուածներու մէջ ազգային գիտակցութիւնը, նուազի պանթուրանիզմի կօշմարը եւ հնարաւոր ըլլայ երկու հարեւան երկիրներու համար ապրիլ ներդաշնակ խաղաղութեան մէջ։
Այս ցանկութեամբ է, որ մենք պիտի ջանանք այսօր ամենէն առաջ ինքզինքիս ապահովել այդ գորշ զանգուածի վտանգէն։ Եւ ասիկա ընելու համար մէկ միջոց կայ միայն, վերագրաւել մեզմէ բռնագրաւուած մեր ամրութիւնները, մեր հայրենի գաւառները՝ Գանձակ, Արցախ եւ Սիւնեաց աշխարհ։
«Հայրենիք» ամսագիր, 1927 #8
Աղբյուրը՝ hambardzum.am կայքի արխիվ