Հայաստան եւ Ադրբեջան | Մաս 1

Ռուբեն Տեր-Մինասյան. Հայաստան եւ Ադրբեջան | Մաս 1

Ներկայացնելով Ղարաբաղյան շարժմանը նախորդող հայկական քաղաքական հոսանքների պատմությունը՝ հրապարակում ենք Ռուբեն Տեր-Մինասյանի (1882-1951) «Հայաստանը եւ Ադրբեջանը» վերլուծության առաջին մասը: Հատկապես հետաքրքրական է հեղինակի ուշադրությունը ոչ միայն այնպիսի փոփոխական գործոններին, ինչպիսիք են այս կամ այն երկրի քաղաքական սահմանները, ազգագրական կազմը եւ այլն, այլեւ անփոփոխ ու հիմնարար իրողություններին, ինչպիսիք են հատկապես աշխարհագրական տվյալները, ընդ որում՝ ոչ միայն իրենք իրենցով, այլեւ՝ պատմության, անվտանգության եւ տնտեսության հետ իրենց սերտ կապի մեջ: Հենց սա է, որ հատկապես կարեւոր արժեք է տալիս նաեւ «Հայաստան եւ Ադրբեջան» հոդվածին, եւ թույլ է տալիս Ռուբենին, հարցը քննելով կայուն եւ հարատեւ գործոնների լույսի ներքո, բացահայտել խնդրի խորքը՝ անկախ կոնյունկտուրայի փոփոխություններից: Ղարաբաղյան շարժման համատեքստում դիտարկելիս հոդվածն ինչ-որ տեղ մարգարեական կանխատեսումն էր Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ առճակատման անխուսափելիության մասին, նաև՝ հեղինակի կողմից տրված մեթոդով հնարավոր է վերհանել խնդրի լուծման այն բանալին, որը հիմնված կլինի իրական, հիմնարար գործոնների, այլ ոչ թե մակերեսային «խաղաղասիրության» վրա: 

* * *

Ադրբեջանը նոր երկիր մըն է, հազիւ տասնեակ տարին բոլորած։  Նման երկիր եւ ժողովուրդ՝ «ադրբեջանցի» անունով, բնաւ գոյութիւն չէ ունեցած պատմութեան ընթացքին։ Եղած է եւ կայ պարսից Ատրպատական, որուն անունը սեփականացուցած են Ուտիք եւ Աղուանից երկիրներու այժմեան բնակիչները։

Պատահականութիւն պէտք չէ նկատել, որ հին Ուտեաց եւ Աղուանից երկիրները, որ կ’ընդգրկէին ներկայ Պաքուի նահանգը եւ Գանձակի դաշտային մասերը այսօր կը կոչուին Ադրբեջան։ Այս թիւրիմացութեան, տգիտութեան հետեւանք չէ, այլ մտածուած ձեւուած քաղաքական որոշ ձգտումներու։ Ադրբեջան խօսքը ըստ էութեան անուն չէ միայն, այլ բնորոշումը քաղաքական ծրագրի մը։

Ադրբեջան ըսելով պէտք է հասկնալ, որ պիտի ըլլան երկու Ադրբեջաններ՝ պարսկական եւ ռուսական, եւ որ եթէ այսօր պատահաբար կենդրոնը Բագուն է, վաղը պիտի ըլլայ բուն հայրենիքի մէջ՝ Թաւրիզը։ Ադրբեջանցի ըսելով պէտք է հասկնալ, որ մենք այլեւս միայն իսլամ, չիտ չենք եւ ոչ ալ պարսիկ, տարբեր ենք բոլորէն եւ միայն նման ենք թուրքին, որ մենք թուրք ենք եւ կը ստեղծենք նոր Թուրքիա մը՝ Թուրքիոյ կողքին։

Դեռ եւս ադրբեջանեան մտքի մէջ բիւրեղացած չէ այն գաղափարը, թէ իրօք իրենք ինչացո՞ւ են, «ադբեջանցի» թէ «ադրբեջանցի թո՞ւրք»։ Արդեօ՞ք իրենց հեռանկարն է ստեղծել «միացեալ Ադրբեջան» միայն, թէ «Արեւելյան Թուրքիա», իբր մաս Թուրքիոյ։ Ահա այս երկընտրանքի, տատանման մէջ է ներկայ ադրբեջանեան միտքը։ Եթէ մուսավաթ, իթիսթ ուղղութիւնները կը տանին ադրբեջանեան միտքը դէպի միացեալ Թուրքիոյ գաղափարը, բայց եւ կան մասնակի հոսանքներ, որ իրենք զիրենք կը զգան ադրբեջանցի միայն, կովկասցի միայն, եւ իբր այդպիսին կը ձգտին իրենց ազգային վերազարթնման։

Մտքերու այս շփոթը եւ երբեմն հակամարտութիւնները ունին իրենց պատճառները, որ եթէ մէկ կողմէ կը թելադրուի տակտիկական տուեալներէ, միւս կողմէ ալ կը բղխի ադրբեջանցի ժողովրդի էթնօգրաֆիէն, հէտէրօժեն կազմուածքէն եւ անոր կուլտուրական, հոգեկան տարբեր տուեալներէն։

Այս խնդրին պիտի անդրադառնանք․ բայց այստեղ այսքանը ասենք, որ այսպէս թէ այնպէս Հայաստանէն հիւսիս արեւելք կը կազմակերպուի ժողովուրդ մը, որ նպատակ ունի միացեալ Ադրբեջան ստեղծելու եւ ինքզինքը կը համարէ մեծ մասով «ադրբեջանցի թուրք», իսկ փոքր մասն ալ ադրբեջանցի։

* * *

«Ադրբեջան» կոչման մասին այս ծանօթութիւնը տալէ յետոյ, տեսնենք թէ ո՞ւր կը գտնուի այս երկիրը։

Մեծ եւ փոքր Կովկասի արեւելեան երկու ծայրերուն միջեւ, այսինքն՝ Դաղստանի եւ Ղարաբաղի միջեւ կը տարածուի ընդարձակ հարթավայր մը, մոտ 60.000 քառ․ քիլօմէթր։  Այս հարթավայրի մէջէն կը հոսի Կուր գետը եւ Արաքսի հետ միանալով կ’երթայ կը թափի Կասպից ծովը։ Կուրի երկու ափունքը սահման ունենալով հարաւէն Արաքսը, հիւսիսէն կովկասեան շղթան եւ արեւելքէն Կասպից ծովը՝ կը կոչուի այսօր Ադրբեջան։

Այս տարածութեան վրայ երբեմն կ’ապրէին երկու ժողովուրդներ, Կուրի ձախ ափին  Ուտիք, իսկ աջ ափին գլխաւորապէս Աղուանք․ այս երկու ազգերու անունով ալ կը ճանաչուէր այս երկիրը հին աշխարհին մէջ իբր երկու պետութիւն, իբր երկու ժողովուրդ։ Այդպէս էր մինչեւ 10-11-րդ դարերը։ Այս երկու երկիրներն ալ իրենց ժողովուրդներով առաջները մեծապէս ազդուեր են հայ քաղաքակրթութենէն, դպրութենէն․ անոնք եղեր են կամ հայոց իշխանութեան ներքեւ, կամ անոր վասալը, կամ անոր դաշնակիցը։ Գոնէ այս կ’ապացուցանեն մեր հին պայմանագիրները։

Կասկածելու տեղիք չկայ պատմական այդ տուեալներու վրայ, որովհետեւ դեռ երէկ էր, որ գոյութիւն ունէր Աղուանից հայոց Լուսաւորչական եպիսկոպոսութիւնը՝ կեդրոն ունենալով Ղարաբաղը, թէեւ աղուան ժողովուրդ չկար այլեւս։ Իսկ այսօր մազապուրծ-ազատած Ուտիացիք, որ ծուարած են Կովկասի փէշերուն տակ Նիժի մէջ, Վարդաշէնի մէջ եւ այլուր, կը զգան թէ որքան Ուտիք են, նոյնքան ալ հայ են, Հայաստանցի, եւ ոչ ոք այնքան լաւ հայ չէ, որքան Կուկունեան մը, զօր․ Սիլիկեան մը, որոնք ծագումով Ուտիք, բայց ազգութեամբ հայ եւ Հայաստանցի են։

Աւանդութիւններու, հոգեբանութեան, զբաղմունքներու նոյնութիւնը կ’ապացուցանէ մեր նախորդներու ազդեցութեան եւ ուժի չափը, ինչպէս նաեւ քաղաքական ուղղութիւնը, որուն փշրանքներէն մենք պէտք է օգտուինք։

Անցեալ պատմութեան վերյիշումը արժէքաւոր չէ, եթէ ան նպատակ ունի միայն վերյիշել հետաքրքրութեան բաւարարելու համար․ այդ պէտք է թողուլ պատմագիրներուն, հնագէտներուն։ Պատմութիւնը արժէքաւոր է գիտնալը կառուցանելու համար ներկայ եւ ապագայ կեանքը։

Եթէ պատմութիւնը մեզմով չի սկսիր եւ ոչ ալ մեզմով պիտի վերջանայ, եւ եթէ մեր կեանքը տրամաբանական շարունակութիւնն է անցեալին, ապա մեր եւ հին Ադրբեջանի (Աղուանից եւ Ուտեաց) պատմութենէն անխուսափելիօրէն պիտի եզրակացնենք․

ա) Որ թէեւ հայերը աւելի հզօր են եղած քան փոքրիկ Ուտեաց եւ Աղուանից ժողովուրդները, եւ իրենք զիրենք կը կոչէին «հանուրց հիւսիսականաց վեհագոյն», բայց թէ այդ հզօր ժողովուրդը բնաւ չէ ձգտած իր գաւառները դարձնելու Աղուանքը եւ Ուտիքը․

բ) Որ Աղուանք եւ Ուտիք նկատուեր են մեր նախորդներու կողմէ իբր անհրաժեշտ պայման իրենց երկրի ապահովութեան ու կենսունակութեան համար, եւ չեն զլացած իրենց այրուձիով հասնիլ մինչեւ Ճորա պահակ, պաշտպանելու համար ինչպէս Աղուանքն ու Ուտիքը, նոյնպէս Հայաստանը՝ քուշանաց, հոներու, սկիֆներու եւ այլոց արշաւանքներէն․

գ) Որ հայերը, Ուտիք եւ Աղուանները, գիտակցաբար թէ հարկադրուած, գտեր են համակեցութեան այնպիսի անհրաժեշտ պայմաններ, որ բնաւ իրարու դէմ չեն եղած եւ, ընդհակառակը, դժուարին պարագաներու մէջ եղեր են միշտ իրարու կողքին։

Այս երեք ժողովուրդներու համակեցութիւնը այնքան է սերտեղած, որ դժուար էր տարբերել հայը աղուանէն, ինչպէս այսօր դժուար է ջոկել ուտիքը հայէն։

Եթէ հին պատմութիւնը քրքրելու ըլլանք, ուզենք չուզենք այս երեք հիմնական գծերը պիտի նշմարենք մեր եւ մեր հիւսիսի ժողովուրդներու փոխյարաբերութեանց մէջ։

* * *

Թէ որ հին պատմութիւնը մեզ այդ դասը կուտայ, հարց առաջ կուգայ՝ ինչո՞ւ այդպէս էր երէկ եւ ինչո՞ւ այդպէս չէ այսօր։ Նոր Աղուանից եւ նոր Ուտեաց աշխարհներու հետ, որ միասին կը կազմեն Ադրբեջանը, բարեացակամ յարաբերութիւն իսկ գոյութիւն չունի այսօր։

Գուցէ նոր հայերս անարժան ժառանգներն ենք մեր նախնիքներու, կարճատես ու խռովարար ենք․ գուցէ ընդհակառակը Աղուանից եւ Ոտեւաց նոր բնակիչները՝ ադրբեջանցիք ագահ են, կարճատես ու խռովարար։ Գուցէ երկու կողմերն ալ ունին իրենց թերութիւնները, բայց անցեալի ներդաշնակութիւնը եւ ներկայի արիւնալի պայքարը հետեւանք են նոր տուեալներու, հակամարտ շահերու եւ ձգտումներու։

Որպէսզի լաւ ըմբռնենք ներկայի եւ անցեալի հակասութիւնը, պէտք է պարզել բուն պատճառները այդ ներդաշնակ կենակցութեան հին հայերու, աղուաններու եւ ուտեաց միջեւ։

Պատմագիրները որոշակի չեն յայտներ մեզ այդ պատճառները, բայց անոնց ըսածներէն դժուար չէ եզրակացնել, որ այդ բնական դաշնակցութիւնը կը թելադրուէր երկու հիմնական դրդապատճառներէ, առաջին՝ քաղաքական եւ երկրորդ՝ տնտեսական։

Աղուանք եւ Ուտիք, փոքրիկ ժողովուրդներ ըլլալով, չէին ձգտեր հարուածելու Հայաստանը հիւսիսէն, չէին բաղձար տիրապետելու հայոց երկիրներուն։ Անոնց երկիրները հարուստ էին եւ ընդարձակ այդ փոքր ժողովուրդներուն համար։ Անոնք պաշտպանուած էին հիւսիսէն կովկասեան լեռներով, եւ եթէ հարաւէն, Փոքր Կովկասի հայոց Արցախ եւ Սիւնեաց երկիրներէն վտանգ չսպառնար անոնց անոնք կ’ապրէին ինքնաբաւ եւ երջանիկ՝ Կուրի հովտին մէջ։ Աղուանք եւ Ուտիք, ուզէին թէ չուզէին, հաշուի առնելով իրենց ուժն ու շահերը, պիտի ջանային ապահովել Հայաստանի դաշնակցութիւնը, պայմանով որ Հայաստան ազատ թողուր զիրենք եւ պաշտպան կանգնէր այդ ազատութեան։

Հայաստան ալ, միւս կողմէն, օգուտ ունէր ատոնց ազատութենէն, անոնց գոյութիւնը կը վերացնէր մեծ չափով այն վտանգները, որ կրնային գալ կովկասեան շղթայի հիւսիսի ժողովուրդներէն։ Աղուանք եւ Ուտիք մեր առաջապահները, բուֆէռներն էին հիւսիսի դեմ:

Անխելք պիտի ըլլային մեր նախնիքը, եթէ չյարգէին Աղուանից եւ Ուտեաց ազատութիւնը, այս պատճառով ալ մեր զինուորականները, գիտնականները կամ կրօնաւորներն իրենց արիւնն ու եռանդը չեն զլացած հին Ադրբեջանի ազատութեան պաշտպանութեան համար։

Կար նաեւ տնտեսականը։ Մեր պատմագիրները կը յիշատակեն, թէ հին Ադրբեջանը ձմեռանոց էր Արշակունեաց համար, եւ Հայաստանն ալ ամառանոց էր եւ է մինչեւ այժմ Աղուանից համար։

Երբ երկու տարբեր երկիրներ, որոնց տնտեսականի հիմքը կը կազմեն խաշնարածութիւնն ու երկրագործութիւնը, իրարու կը ծառայեն իբր ձմեռանոց ու ամառանոց, բնականօրէն այդ երկիրներէն մին կամ պիտի ձուլուի միւսին մէջ եւ կամ երկուքը միասին դաշնակցելով պիտի ապրին ու կենակցին՝ ինչպէս լիքէն ու սունկը մամուռի մէջ։ Հայերն ու Աղուանք, դաշնակցելով, կ’ապրէին իրարու հետ, մին լեռներու մէջ, միւսը դաշտերու մէջ։

Ահա այս պատճառներով էր, որ Հայաստան եւ այս երկու ժողովուրդները երկար դարեր ներդաշնակ կ’ապրէին։ Հայաստան, առանց հասնելու մեծ Կովկասի շղթային, Աղուանից եւ Ուտեաց ժողովուրդներու միջոցով փաստօրէն յենուած էր կովկասեան շղթային։ Եւ մասամբ այս պատճառով է, որ մեր փոքր ժողովուրդը, ինքզինքը ապահով զգալով հիւսիսէն, կը կարողանար դիմադրել պարսիզ, հռոմէացւոց, արաբաց եւ բիւզանդացւոց։ Հայաստանը ողնաշար ունէր փոքրիկ Կովկասը (Ղարաբաղը) եւ կռնակ ունէր Աղուանքը եւ Ուտիքը։

Ասոնք Հայաստանի հզորութեան ազդակներն էին։

Միջին դարուն յաջորդական կերպով արշաւանքներ տեղի ունեցան Միջին Ասիայէն դէպի արեւմուտք․ մոնղոլեան թուրք թաթար ցեղեր խուժեցին ամէն կողմ աւեր ու կործանում սփռելով։ Պարսկաստանը ողողուեցաւ այդ հորդաներով, որոնց մէկ հոսանքը մտաւ Կուրի հովիտը։

Պարսկաստանի իշխանաւորները յաճախ կ’ուժեղացնէին այս հորդաները, որպէսզի մէկ կողմէ ազատեն բուն Պարսկաստանը՝ այս բարբարոսները դէպի ծայարագաւառները քշելով, եւ միւս կողմէ, հակակշռեն հայկական, վրացական ու կովկասեան լեռնականներու ուժերը, որոնցմէ ժամանակին կ’անհանգստանային պարսիկները։ Այս նպատակով՝ Ղազախի, Բորչալուի եւ շատ վայրերու թաթար ցեղերը, Ղարափափախները եւն․ փոխադրուեցան Հայոց եւ Աղուանից երկիրները։

Այս աւերածութեանց եւ գաղթերուն չդիմացան Աղուանք եւ Ուտիք․ հայերը վնասուեցան, բայց քաշուեցան իրենց լեռները եւ պահպանեցին իրենց ինքնութիւնը։ Աղուանից եւ Ուտեաց երկիրները վերացան․ ստեղծուեցան Բագու եւ Շիրվան, Շաքի եւ Գեանջա պարսից խանութիւնները։ Այլեւս չկային Աղուանք եւ Ուտիք, ոչ միայն ոչնչացան իբր պետութիւն, այլ նաեւ իբր ինքնուրոյն ժողովուրդներ։

Աղուանք եւ Ուտիք կամ սպանուած էին, կամ մահմետականութիւնը ընդունելով ձուլուած եկուորներու եւ մասամբ ալ տեղացիներու մէջ։

Այսօր Աղուան եւ Ուտի իբր ազգային անհատ գոյութիւն չունի, բայց կը շարունակէ ապրիլ թաթար, թաթ, թալիշ եւ այլ ժողովուրդներու, գուցէ նաեւ ղարաբաղցի, գանձակեցի հայերու մէջ՝ իբր արիւն, իբր բնաւորութիւն։

Եթէ հնար ըլլար բնորոշել ազգերը իրենց արեան որակով, միս ու ոսկորով, չպիտի սխալուէի ըսելու, թէ այսօրուան Կուրի աջ ափը ինկած թաթարներու կէսը կամ աւելին աղուան է քան թուրք կամ թաթար։ Բայց իրականութիւնը այն է, որ ինչպէս Ղարաբաղի մէջ այսօր կան Մելիք-Ասլանովներ, Մելիք-Եկանովներ՝ հայ, եւ որ այսօրուան գիտակցութեամբ մին հայ է եւ միւսը թիւրք, այդպէս ալ ձուլուած աղուանները կը համարուին այսօր թաթար, թուրք կամ աւելի շուտ «իսլամ»։

Քանի պարսից տիրապետութիւն էր հաստատուած Աղուանի եւ Ուտիքի վրայ, չկար դեռ եւս ազգային գիտակցութիւն։ Թէ’ մահմետականութիւն ընդունած բնիկները, թե’ եկուոր մոնղոլական ցեղերը ինքզինքին կը համարէին իսլամ, շիա, Իրանի մէկ մասը՝ ենթարկուած պարսկական կուլտուրային եւ ազդեցութեանը։

1827-էն եկան ռուսները։ Այս անկերպարան ժողովուրդը, որ մինչ այդ իբր զէնք կը ծառայէր պարսից ձեռքը, դարձաւ զէնք Ռուսաստանի ձեռքը, հակակշռելու ազգային գիտակցութիւն ունեցող բնիկ ժողովուրդներուն՝ հայերուն, վրացիներուն եւ լեռնականներուն։

Այս նոր խմորուող ժողովուրդը ոչ հին Աղուանն էր, ոչ Ուտին, ոչ Իրանի պարսիկը, ոչ ալ թուրք կամ թաթար։ Անգոյն տարր մըն էր․ նոյնիսկ իր «իսլամ» անունը խոր իմաստ մը չունէր, անոնց մէջ տակաւին չկար Շամիլներու կրօնական ուժը, որով բազմալեզու Տաղստանը ամենէն նպաստաւոր տարրը կը համարուէր ռուս աշխարահակալութեան աչքին Անդրկովկասի մէջ։

Ռուս աշխարհակալութիւնը օգտագործեց այս տարրը ազատատենչ ազգերու երակները հանգցնելու համար․ եւ իբր վճար այդ ծառայութեան՝ Ադրբեջանի այս զանգուածը դրաւ հողային ու տնտեսական ամենանպաստաւոր կացութեան մէջ։ Ցիցիանովներու, Գալիցիններու, Վօրոնցովներու եւ ներկայ կոմունիստներու վարքագծին մէջ մեծ բաժին ունի այս պարագան։

Եւ կացութիւնը փոխուած էր Հայաստանի հիւսիսային կողմը, նոր դրութիւն էր ստեղծուած մեր թիկունքին։

Աղուաններուն եւ Ուտեաց յաջորդող զանգուածները այլեւս չունէին իրենց ազգային ձգտումը՝ հասնելու իրենց ազատութեան․ այդ զանգուածը կը ձգտէր յենուիլ կամ պարսից կամ ռուսաց ուժին վրայ՝ ոչ թէ իր անկախութիւն ձեռք բերելու, այլ հայոց, վրաց եւ լեռնականներու ազատագրութեանց հակազդելու, եւ ունէր մէկ բնազդ՝ ընչաքաղցութիւն, ուրիշի հաշուին ապրելու ձգտում։

Եւ այս զանգուածը դարձաւ ոչ միայն հին Աղուանից, Ուտեաց, այլ ամբողջ արեւելեան Հայաստանի կալուածատէրը, բէկը, աղան, խանը․ ան նստաւ դաշտի վրայ առանց կարենալ օգտագործելու եւ ձեռքը դրաւ հայկական լեռներու վրայ իբր սեփականութիւն։ Աղուանք եւ Ուտիք, հրաժարելով իրենց ազգութիւններէն եկուորներու առջեւ, ապրեցան իբր իսլամ․ հայերն ալ հարկադրուեցան հրաժարիլ իրենց լեռներէն, գիւղերէն, դաշտերէն, արտերէն եւ արօտներէն՝ չմեռնելու համար։ Հայը մնաց հայ, բայց անհող, եւ դարձաւ մշակ եկուոր տարրերուն։

Այս դրութիւնները ոչ քաղաքական եւ ոչ ալ տնտեսական տեսակէտներէ չէին նոյնանար եւ հետեւաբար հայերու ու նոր հարեւաններու ճամբաները տարբեր պիտի ըլլային, իրարու թշնամի կամ «բարեկամ», եթէ երբեք բարեկամութիւն հնարաւոր է ստրուկի եւ տիրոջ միջեւ։

Ահա գլխաւոր գծերով այն հիմնական պատճառը, որ Աղուանից եւ Ուտեաց տներու անկումէն ետք մենք յենարան ու բարեկամ չենք ունեցած մեր հիւսիսի կողմէն։

* * *

Քիչ մը տարբեր է ներկայ վիճակը․ Ռուսաստանի փլուզումէն, յեղափոխութենէն յետոյ նոր դրութիւն է ստեղծուած մեր հիւսիսի կողմը։ Յարութիւն չեն առած Աղուանք եւ Ուտիք, բայց ստեղծուած է նոր ազգութիւն մը՝ Ադրբեջան անունով։ Արդէն ըսի, որ նման ազգ եւ ժողովուրդ չկայ․ եւ եթէ այսօր կայ՝ շնորհիւ բուռ մը թուրք մտաւորականներու է ստեղծուած։

Ներկայ Ադրբեջանի մէջ կան իսլամներ շիա եւ սիւննի աղանդներով, եւ անոնց ազգային գիտակցութիւնը կը սահմանափակուի կրօնական այդ շրջանագծին մէջ։

Այս իսլամ զանգուածը կազմուած է հետեւեալ կերպով ― Լէնքօրան շրջանի մէջ թալիշներ, Բագուի շուրջը մինչեւ Ղուբայի մօտերը թաթեր․ Ղուբայի եւ Շէմախի մէկ մասը կիւրինցիք, գարտնեցիք, խինալուկներ, ջէկեր, կռիզներ, գաբիդուլներ եւն․ Նուխիի եւ Զաքաթալայի շրջանները աւառներ, ուտեցիք, ինգիլօյցիք․ Գանձակի դաշտային մասերուն մէջ Աղուան իսլամներ, իսկ լեռնային Գանձակի, Ղարաբաղի, Բազար Գէչարի, քիւրդ կռայի իսլամներն կամ քրդեր են կամ մահմետական հայեր․ կան նաեւ մոնղոլներ, թուրքեր, թաթարներ, որոնք եղած են իսկական ուժը՝ միւսները հպատակեցնող եւ իսլամացնող։ Իսկ շաղախը, որ միացած էր իսլամ անուան տակ, կրթութեան եւ ազգային շարժումներու ազդեցութեանց տակ սկսեր էր անգոյն վիճակէ դուրս գալ եւ կարիքը զգալ իր ազգային բնութագիծը ունենալու։

Պարսիկները քնացած մնացին, զբաղուած իրենց «շախսէ վախսէ»ով, զարկ չտուին ազգային ինքնագիտակցութեան․ անոնք հեռու մղեցին թալիշն ու թաթը, որ իրենց հարազատ ցեղակիցներն են։ Լեռնականները դեռ եւս ազգային գիտակցութիւն չունին, ինգէլօյցին, աւառը, կռիզը, կիւրինցին, գարտնէցին եւ մյուսները ունին իրենց սեփական լեզուները, բայց թիւրիմացաբար ինքզինքնին մօտ կը զգան իսլամ եղբայրներուն։

Հայերը չափազանց շատ սահմանափակուեցան Առաքելական եկեղեցւոյ պատերուն մէջ․ նոյնիսկ Դաշնակցութիւնը չազատագրուեցաւ դաւանական կաշկանդումներէ, հարկ եղած չափով չաշխատեցաւ քանդելու դաւանական կաշկանդումները, ինչպէս քանդեցինք կաթոլիկ, լուսաւորչական եւ բողոքական անջրպետները։ Եթէ այս վերջին տասնեակ տարիներուն ճանչնայինք մահմետական հայ բազմութիւնները, գուցէ ունենայինք այնքան յենարան Ադրբեջանի մէջ, որքան վրացիք ունին Աջարիստանի եւ Լազիստանի մէջ։

Այս անտէրութեան մէջ, ի պատիւ թուրքերու պէտք է ըսել, որ անոնք ժրաջան աշխատանք կատարեցին, նախ Ադրբեջանի իսլամին ներշնչեցին, թէ ինք թաթար է, յետոյ ըսին թէ ադրբեջանցի է, այժմ ալ կը հասունցնեն թէ ադրբեջանցի թուրք է, վաղն ալ պիտի կրճատեն ադրբեջանցին եւ պիտի թողուն թուրքն ու Թուրքիան։

Մեր հարեւաններու այս կերպարանաւորումը հետաքրքրական է, որովհետեւ ատկէ է կախուած եւ ատով զուգահեռ կ’ընթանայ մեր հիւսիսի դրացիին քաղաքական օրիենտացիան։

* * *

Ո՞րն է ուղին մեր ներկայ հարեւան Ադրբեջանի եւ ինչո՞ւ կը ձգտի ան։

Ասիկա որոշելու համար նախ պէտք է աչքի առջեւ ունենալ հիմնական երեւոյթ մը։ Բոլոր դեռ չկազմակերպուած, անպատմութիւն ազգերը, որոնց անհատականութիւն լաւ չէ շեշտուած, կ’որոնեն ու կը գտնեն ուժեղ յենարան մը եւ կը դառնան անոր հաւատարիմ գործիքը։ Անոնք միշտ ալ կ’ըլլան ուժեղի կողմը, յաճախ իրենց սեփական շահերն իսկ զոհելով։

Այսպէս է եղեր Ադրբեջանի ժողովուրդը պարսից տիրապետութեան ժամանակ, այսպէս էր նաեւ ռուսաց ցարերու ժամանակ։ Երբ ռուսական ուժը սկսաւ նուազիլ եւ Տաճկաստանի աստղը սկսաւ փայլիլ, ան հակուեցաւ թուրքին կողմը եւ 1917-էն ասդին դարձաւ անոր առաջապահն ու գործակիցը։ Ապացուցանելու համար իր հաւատարմութիւնը եւ նոյնիսկ նոյնութիւնը թուրքին հետ՝ ան չվարանեցաւ հարուածելու հայերն ու ջարդելու ռուսները, Շամխոր, Գանձակ, Ջիբրայիլ եւ ամենուրեք, ուր իր ձեռքը կը հասնէր։

Շատեր այդ ոճրապարտ քայլերը կը բացատրեն ազգային գիտակցութեան զարթօնքով, կամ ատելութեամբ ռուս տիրապետութեան դէմ, կամ իբր ադրբեջանցի անկախութեան ձգտումի հետեւանք։

Այս բացատրութիւնները մասամբ ճիշդ են մասնակի խմբակցութեանց եւ անձերու վերաբերմամբ․ բայց զանգուածօրէն այդ արիւնահեղութիւնները հետեւանք էին ուժեղ Թուրքիային ծառայելու դիտումին։

Ադրբեջանցին այժմ ալ բնազդօրէն կը փորձէր ըլլալ թուրքին հետ, փչել անոր զուռնան, առանց հետաքրքրուելու թէ այդ քայլէն ինք անձնապէս ի՛նչ պիտի շահէր։ Այս ի՛նչը հասկանալի էր լոկ մտաւորականներուն՝ Սուլթանովներուն, որոնք Ադրբեջանը կ’ուզէին վերածել թրքական վիլայէթի․ իսկ զանգուածը ըստ էութեան կը շարունակէր մնալ նախկին հողի վրայ, այսինքն՝ օգնել ուժեղին, խփել ինկածին։

Ադրբեջանի զանգուածին վերագրել, թէ ան կ’ուզէ իր սեփական անկախութիւնը ունենալ, սխալ պիտի ըլլար։ Ան դեռ եւս չունի ոչ ազգային հօմօժէնութիւն, ոչ գիտակցութիւն, ոչ ալ աւանդութիւն։ Ան դեռ եւս կրօնական համայնք մըն է՝ բնազդով հակուած դէպի ուժեղը։ Եւ այս պարագան պարարտ հող կը ներկայացնէ, որ թուրք ու թաթար մտաւորականները իրենց ետեւէն քարշ տան զանգուածները դէպի պանթուրանիզմ, դէպի իսլամ Թուրքիա, դէպի ուժեղ Թուրքիա։

Եւ Թուրքիա ուժեղ կ’երեւայ ադրբեջանեան զանգուածին աչքին այն բարբարոսութիւններով, զորս գործադրած է հայոց եւ այլ ժողովուրդներու վրայ եւ այն երեւութական արհամարհանքով, զոր թուրքերը ցոյց կուտան ամբողջ աշխարհի հանդէպ։

Այս անձեւ զանգուածին աչքին Թուրքիան դարձած է մարմնացումը ուժի, բռնութեան․ եւ ըլլալով անոր կրօնակիցը, անոր լեզուակիցը՝ ադրբեջանցին դարձած է թուրքին կողմնակիցը, անոր գործիքը։  Այս հանգամանքով ալ կ’որոշուի այժմ այս զանգուածին ուղղութիւնը կամ նպատակը։

Մէկ խօսքով՝ ադրբեջանցիին այսօրուան նշանաբանն է՝ ըլլալ թուրքին հետ, նոյնանալ թուրքին հետ, ծառայել անոր՝ ստեղծելու մեծ Թուրքիա առաջաւոր եւ միջին Ասիոյ շրջաններուն մէջ։

Այսօր «ադրբեջանցի ազգ» ասութիւնը դատարկ խօսք է քօղարկելու թրքական ձգտումները։ «Ադրբեջան երկիր» անունը պատրուակ է ծածկելու արեւելեան Թուրքիա կազմելու ձգտումը։ Այս երկրի նպատակը չէ Ռուսիան հեռացնել՝ իր եւ Անդրկովկասի անկախութիւնը ձեռք բերելու համար, այլ Ռուսիան հեռացնել՝ իր եւ անդրկովկասեան ժողովուրդներու ազատութեան տենչերը թաղելու եւ Թուրքիան հաստատելու մինչեւ մեծ Կովկաս։ Անոր նպատակը չէ իր բնագաւառի տնտեսութիւնը, քաղաքակրթութիւնը բարձրացնել, այլ եղածն ալ ոչնչացնել եւ ետ երթալ։ Անոր նպատակը չէ տեղական ժողովուրդներու հետ համակենակցութիւն, ներդաշնակութիւն ստեղծել, որովհետեւ այդ պարագային չպիտի կրնար ծառայել պանթուրանիզմին, որու առաջին եւ վերջին նպատակն է բնաջնջումը իր առջեւ գտնուող ինքնագիտակից ժողովուրդներու։

Այսօր դժբախտաբար մեր հիւսիսի կողմը, մեր մէջքին վրայ այս ցաւը, այս պալարն է գոյացած մեր միս ու արիւնէն։ Մենք պարտաւոր ենք մեր աչքերը փակ չպահել եւ հաշուի առնել ստեղծուած նոր դրութիւնը, պարտաւոր ենք գիտակցել իմաստին դեռ 1904-1905 թուականներուն Ադրբեջանի եւ Թուրքիոյ իտէօլօգ Աղայեւի հետեւեալ խօսքերուն․ «Հայերդ շատ առաջ մի՛ վազէք, դուք պիտի զուգահեռ կամ ետեւէն գնաք Ադրբեջանի զանգուածներուն, հակառակ պարագային մենք պիտի դառնանք ջաղացի քար մը ձեր վզին կախուած, պիտի խորասուզուիք եթէ չենթարկուիք»։

Աղայեւի այս միտքերը անիմաստ խրատներ չեն, անտեղի սպառնալիքներ չեն․ Ադրբեջանի գորշ զանգուածը այսօր խոչընդոտ է Հայաստանի առաջադիմութեան, պատճառ է մեր անկախութեան, ազատութեան անկման․ ան պատճառ եղաւ եւ է մեր երկրի թուլացման եւ մեր ժողովրդի քայքայման։ Իրօք որ ան ջաղացքի քար է Հայաստանի եւ Անդրկովկասի վզէն կախուած։ Ադրբեջանի այս բացասական արժէքը հասկցած են թուրքերն ու ռուսները, եւ ըստ այնմ կը գործածեն զայն Անդրկովկասի ու Պարսկաստանի դէմ։ 


Ռուբեն Տեր-Մինասյան. Հայաստան եւ Ադրբեջան| Մաս 2

«Հայրենիք» ամսագիր, 1927 #8

Աղբյուրը՝ hambardzum.am կայքի արխիվ