Ռուբէն Դարբինեան. Անկախութեան գաղափարը
Ինչպես ցանկացած պատմական երեւույթ, Ղարաբաղյան շարժումը չէր կարող օդից առաջանալ՝ առանց հիմք ունենալու նախորդ սերունդների գործն ու միտքը: Եթե մի կողմից Շարժումը կարող ենք համարել Սովետական Հայաստանում տարիների ընթացքում կուտակված հասարակական ներուժի դրսեւորում, ապա մյուս կողմից, ինչպես գրված է ՀՀՇ առաջին ծրագրում՝ «Շարժման քաղաքական սկզբունքները հիմնականում բխում են հայ ժողովրդի նախընթաց պատմաշրջանի, մանավանդ 19-րդ դարի վերջի եւ 20-րդի սկզբի ազգային-ազատագրական պայքարի փորձից: Հայ ժողովրդի գոյատեւումը եւ զարգացումը պայմանավորող այդ սկզբունքները ժամանակի մեր քաղաքական գործիչների մի մասը գիտակցեց մեծ զոհեր տալուց եւ անկախ պետականությունը կորցնելուց հետո»: [Նախկին hambardzum.am կայքի խմբագրությունից]
Հրապարակում ենք որոշ հատվածներ Ռուբեն Դարբինյանի (Արտաշես Չիլինգարյան, 1883-1968)՝ ՀՀ արդարադատության նախարար (1920 մայիս-նոյեմբեր), «Արեւ» (1916), «Գործ» (1917) պարբերականների, նաեւ «Հայրենիք» օրագրի ու ամսագրի խմբագիր, ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, «Հայ քաղաքական մտքի դեգերումները» ծավալուն հոդվածից («Հայրենիք» ամասագրի առաջին 12 համարներում տպված՝ 1922-23 թթ.-ին): Ընտրված հատվածների ընդհանուր անվանումը նախկին hambardzum.am կայքի խմբագրությանն է՝ ըստ դրանց հիմնական շեշտի:
«Հայ քաղաքական մտքի դեգերումները» (հատվածներ)
XV
Ստրկական օտարամոլութիւնը
….
Մեզի միշտ պակասեր է քննադատական միտքը Եւրոպայի գաղափարական արժէքներուն նկատմամբ, որոնց հանդէպ մենք եղած ենք կոյր հիացողներ եւ ստրկօրէն կապկողներ, մինչդեռ միաժամանակ տարօրինակօրէն կատաղի քննադատներ ենք եղած մեր ազգային արժէքներու։
Մենք պարզապէս ընկճուեր ենք Արեւմտեան Եւրոպայէն կամ Ռուսիայէն եկած գաղափարներու ճնշող ոյժէն։ Անոնց հմայքն ու փայլը գերել են մեզ։ Եւ երեխաներու պէս վազեր ենք անոնց ետեւէն, յաճախ մոռանալով մեր սեփական ցաւը։
Մեզի ազգովին պակասեր է միշտ մտքի ինքնուրոյնութիւնը, անկախութիւնը եւ քաջութիւնը։
Ստրուկներու պէս վախեցեր ենք շարունակ օտարներու կարծիքէն, ճաշակէն, գնահատութենէն, եւ անոնց համակրանքը ուզեր ենք շահիլ մեր օտարամոլութեամբ եւ ուրիշներուն նմանուելով։
Ահա թէ ինչու գաղափարական սնոբիզմը մեր մէջ զարգացեր է այնպէս, ինչպէս ոչ մէկ ազգի մէջ։
Մեծ մասամբ գաղութներու մէջ հոգեպէս սնուած մեր մտաւորական դասը, որ հեռու է ու կտրուած հայրենի միջավայրէն եւ յաճախ երեւակայութեամբ կամ աղօտ ու գունաւորուած յիշողութիւններով է միայն ծանօթ անոր, տուած է եւ կուտայ անօրինակ առատութեամբ իմաստակներ, սոփեստներ, երազողներ, ռոմանթիկներ, եւ մտքի ու գործի արկածախնիրներ, մէկ խոսքով՝ ծապլվարեան հերոսներ, բայց այնքան ողբալիօրէն քիչ՝ իրատես ու իրապաշտ, առողջ եւ ուրոյն մտքի տէր մարդիկ։
XVI
Հայ մտքի ապիկարութիւնը
Եկած է ժամանակը, երբ մեր քաղաքկան կեանքի եւ մանաւանդ մտածողութեան մէջ պէտք է կատարուի հիմնական վերագնահատում մը մինչեւ այժմ տիրող գաղափարներու, սկզբունքներու, նշանաբաններու, տեսութիւններու եւ ծրագիրներու։
Մեր քաղաքական գործի եւ մտքի միջեւ կայ վիհ մը, որ պէտք է վերցնել։
Երեսուն-քառասուն տարուայ մեր կազմակերպուած ազատագրական պայքարի պատմութիւնը ցոյց կուտայ աներկբայելի կերպով, որ մեր քաղաքական բնազդը յաճախ աւելի առողջ եւ իրատես է եղած, քան մեր քաղաքական միտքը։ Գրեթէ միշտ մենք խարխաբեր ենք կիսախաւարի մէջ, եւ մեզ առաջնորդողը եղած են աւելի մեր քայլերը, քան մեր տեսութիւնը։ Ինքը գործն է, որ ճամբայ է բացեր մեր մտքին եւ ուղղութիւն տուեր մեզի։ Մենք աւելի շուտ դէպքերը արձանագրող ենք եղած, քան կանխատեսող եւ ուղղութիւն տուող։
Մեր քաղաքական մտքի ապիկարութեան ամենէն կարկառուն ապացոյցը կրնայ նկատուիլ Հայաստանի անկախութեան գաղափարի իւրացման տարապայման եւ տարօրինակ ուշացումը։
Այն ատեն, ― երբ մեր կովկասեան բախտակից հարեւան ազգերը, համաշխարհային պատերազմի բռնկումէն ի վեր, գիտակցաբար կը պատրաստուէին իրենց երկրներու քաղաքական անկախութեան համար եւ երբ այդ բաղձալի նպատակի իրագործման համար ստեղծուեցան նպաստաւոր պայմաններ, հաստատուն եւ վճռական քայլերով դիմեցին դէպի իրենց կանխատեսած նպատակը, ― մենք հայերս, առանց կուսակցական խորութեան, յանկարծակիի եկանք եւ միայն ճարահատեալ համակերպեցանք մեր կամքէն անկախ կատարուած փաստին ― Հայաստանի անկախութեան։ Եւ հայկական անկախ պետութեան մէջ իսկ դեռ երկար ժամանակ չկրցանք մարսել մեր անկախութիւնը եւ դարձնել զայն մեր գերագոյն քաղաքական նպատակը։ Ու միայն 1919 թ․ աշնան գումարուած Հ․ Յ․ Դաշնակցութեան 9-րդ Ընդհանուր Ժողովը երկաւ վերջապէս նուիրագործելու Հայաստանի անկախութեան գաղափարը։
Իսկ մեր ժողովուրդի լայն խաւերը իւրացուցին եւ գնահատեցին այդ գաղափարը միայն այն ատեն, երբ մենք կորուցինք մեր անկախութիւնը։
1921 թ․ փետրուարեան հոյակապ ապստամբութեամբ միայն մեր ժողովուրդը ցոյց տուաւ, որ դաժան փորձութիւններէ յետոյ եւ շատ ծանր գնով վերջապէս մինչեւ իր հոգիի խորքը ներշնչուեր է Հայաստանի ազատութեան գաղափարով եւ լիովին գնահատեր է անոր կենսական անհրաժեշտութիւնը իր գոյութեան համար։
Նոյնը չէ՞ր ե՛ւ 1905 թ․, հայ-թաթարական ընդհարումներու սկզբին, երբ հայ կազմակերպութիւնները յանկարծակիի էին եկած եւ, թաթարական յարձակումները սկսուելէ յետոյ միայն, ձեռնարկեցին հայկական դիմադրութեան կազմակերպման գործին։
Այդպէս չէ՞ր արդեօք ե՛ւ 1914 թ․, համաշխարհային պատերազմի բռնկման պահուն, երբ մեր քաղաքական բոլոր կուսակցութիւնները իրենց կատարեալ ապիկարութիւնը ցոյց տուին եւ հարկադրուեցան ամբոխային տրամադրութեանց ետեւէն վազել։
Չգտնուեցաւ ե՛ւ ոչ մէկ հայ կուսակցութիւն, որ կանխատեսէր գալիք ահաւոր դէպքերու ընթացքը կամ հաւանականութիւնը եւ իր քաղաքական ճամբան գծէր այնպիսի ուղղութեամբ մը, որով կարելի ըլլար եթէ ոչ արգիլել, գէթ մեղմել, զսպել, սահմանափակել անոնց աւերիչ հետեւանքները։
Մեր քաղաքական առաջնորդութեան ― շատ աննշան բացառութիւններով ― մտածողութիւնը այն ճակատագրական օրերուն ոչինչով չտարբերուեցաւ հայկական խուժանի մտածողութենէն։
Հ․ Յ․ Դաշնակցութեան 9-րդ (Էրզրումի) Ընդհանուր ժողովի պատասխանը մեր ժողովրդի առջեւ դրուած կենաց եւ մահու խնդիրներուն բաւականին անորոշ, տարտամ ու սոսկ ձեւական բանաձեւ մըն էր, որ կոչուած էր լոյալութեան քօղին տակ ծածկելու ամբոխային տրամադրութիւնները եւ օրիէնտացիան։ Ատիկա միամիտ փորձ մըն էր ծածկելու մեր գլուխը թշնամիէն, երբ մեր ամբողջ մարմինը այնքան գրգռիչ կերպով ցուցադրուած էր անոր առջեւ։
Կարելի է ե՛ւ շատ մը ուրիշ պերճախօս օրինակներ բերել մեր անցեալէն․ բայց այսքանն ալ, կը կարծենք, բաւական է, պարզելու համար մեր միտքը։
Մէկ խօսքով, հայ քաղաքական կուսակցութիւնները, առանց բացառութեան, պատմական բախտորոշ շրջաններու մէջ գրեթէ միշտ անկարող են եղած կատարելու առաջնորդողի, ղեկավարողի իրենց բարձր կոչումը, չեն կանխատեսեր գալիք դէպքերը, չեն պատրաստուեր եւ պատրաստեր ժողովուրդը նուազագոյն զոհողութիւններով զանոնք դիմագրաւելու համար եւ՝ յանկարծակիի եկած՝ փաստօրէն որդեգրեր են այն, ինչ որ պարտադրեր է հայ ամբոխը, փողոցը, ու վազեր են միայն դէպքերու ետեւէն եւ ոչ առաջէն։ …
XXVI
Մեր պայքարի հիմը
…Անգամ մը որ հայութեան ղեկավար միտքերուն մէջ հաստատուն եւ տիրական դառնայ այս հիմնական գաղափարը, որով վերցած պիտի ըլլան օտար երկիրներէն եկած եւ օտար պայմաններէն թելադրուած քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական մեզի համար առայժմ ցնորական պահանջները, այն ատեն պիտի հարթուի նաեւ ճամբան ազգային առողջ, գործնական եւ իրատես քաղաքականութեան մը համար։ Այն ատեն ոչ մեր ընկերվարական ու դեմոկրատական իդէալները, ոչ ալ մեր գործօն գաղափարական կապը միջազգային ընկերվարական դեմոկրատիայի հետ պիտի կարենան արգելք ըլլալ, որ յանուն մեր ազգային պետական նպատակին մենք ժամանակաւոր դաշնակիցներ փնտռենք ու գտնենք նաե՛ւ քաղաքայան այնպիսի ոյժերուն մէջ, որոնք նույնիսկ գաղափարական հակառակորդներ են թէ՛ ընկերվարութեան եւ թէ՛ դեմոկրատիայի։
Մեր յետամնաց ու արիւնոտ իրականութեան դաժան պայմաններու ճնշող հարկին տակ, մենք հարկադրուած ենք չխորշելու նոյնիսկ ամենասեւ քաղաքական ոյժերու հետ ժամանակաւորապէս գործակցելէ, եթե որեւէ չափով այդ կարող է մօտեցնել մեզ մեր ազգային ամենէն կենսական նպատակի իրագործմանը։
Եւ ասիկա հրամայական թելադրութիւն մըն է ոչ միայն մեր ներքին, այլ եւ արտաքին յարաբերութեանց համար։
Ոչ մէկ օտար խղճամիտ ընկերվարական կամ դեմոկրատ, որ ծանօթ է մեր ժողովրդի ներկայ դժոխային վիճակին, կարող է մեղադրել մեզ մարդկութեան վեհագոյն իդէալներուն «դաւաճանելուն» մէջ։
Այլ կերպ վարուիլ՝ պիտի նշանակէր դաւաճնել մեր ժողովրդի ամենէն կենսական շահերուն, որոնք մեզ համար ամէն բանէ վեր ըլլալու են միշտ։
Տարրական այս ճշմարտութիւնը երբե՛ք մոռանալու չենք մեր քաղաքական բոլոր քայլերուն մէջ։ Միայն գիտնանք իրապէս գնահատել քաղաքական այն ոյժերուն էութիւնը, շարժառիթներն ու ձգտումները, որոնց հետ գէթ կարճ ճամբայ մը ստիպուած ենք անցնիլ։ Միայն յստակօրէն գիտակցինք միշտ, թէ որո՞ւ հետ գործ ունինք, ի՞նչ կրնանք սպասել անկէ եւ ի՞նչ երբեք չպիտի սպասենք։ Միայն երբեք միամտութիւն չունենանք կարծելու, թէ, առանց յետին նպատակներու, առանց սեփական շահերն հետապնդելու, որ եւ է օտար ոյժ կարող է գէթ ժամանակաւորապէս օգնել մեզի։ Միայն հասկնանք վերջապէս, որ ոչ մէկ քաղաքական ոյժ կը ղեկավարուի անհատական բարոյականութեան սկզբունքներով․․․ Այդպէս է որ պիտի խուսափինք աւելորդ պատրանքներէ, վտանգաւոր յուսախաբութիւններէ եւ աղիտաբեր մոլորութիւններէ։
Դաշնակցինք նոյնիսկ սատանայի հետ, բայց գիտնանք, որ սատանայի հետ է մեր գործը։ Այլապէս հրեշտակի տեղ ընդունելով զայն, պիտի տուժենք միշտ չարաչար ․․․
XXXIII
Անկախութեան գաղափարը
Ոչ թէ ընկերային- տնտեսագիտական կամ պատմա-փիլիսոփայական հարցերն են որ կը կազմեն այսօր հայ քաղաքական մտքի գլխաւոր առանցքը եւ հայ հանրային պայքարի հիմնական առարկան, այլ հայ ազգային գոյութեան եւ անկախութեան վերաբերեալ կենսական խնդիրները։ Ոչ թէ մեր այս կամ այն վերաբերմունքը դէպի սոցիալիզմը, դասակարգային կռիւն ու միջազգային համերաշխութեան գաղափարն է որ կը բնորոշէ հայութեան ներկայ ոգորումները եւ կը բաժնէ հայ հասարակութիւնը հակամարտ հոսանքներու, այլ մեր դիրքը հանդէպ հայկական անկախ պետութեան նպատակին եւ անոր իրագործման ու ապահովման միջոցներուն։
Ազատութեան մշուշապատ իտէալը, որ տասնեակ տարիներ խանդավառեր է պայքարող հայութիւնը, այսօր՝ միս ու մարմին է ստացեր Անկախութեան գաղափարին մէջ, որ վերջին տասնամեակի համաշխարհային վերիվայրումներու հետեւանքով տիրաբար կը դառնայ կեդրոնական նպատակը մեր ժողովրդի քաղաքական բովանդակ պայքարին։
Հակառակ անոր որ մօտ քառասուն տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունին մեր մէջ կազմակերպուած քաղաքական կուսակցութիւններ, որոնք ձգտեր են հայ ժողովուրդի ազատութեան, միայն 1918 թ․ է որ Հայաստանի անկախութիւնը առաջին անգամ որոշապէս կը շեշտուի հայ ազգի գիտակցութեան մէջ, նախ, իբրեւ գահավէժ դէպքերու բերումով ստեղծւած փաստ եւ ապա, 1919 թ․, իբրեւ յստակօրէն ձեւակերպուած քաղաքական պահանջ հայկական հանրապետութիւնը ստեղծող կուսակցութեան՝ Հ․ Յ․ Դաշնակցութեան ծրագրին մէջ։
Ահա թէ ինչու 1918 թ․ մայիս 28-ը, երբ հռչակուեցաւ Հայաստանի անկախութիւնը, ոչ միայն իբրեւ իրողութիւն, այլ եւ իբրեւ գաղափար նոր դարաշրջան մը բացաւ հայ ժողովրդի նորագույն պատմութեան մէջ։
Հայ քաղաքական երեւակայութիւնը տասնեակ տարիներ շարունակ Թրքահայաստանի ինքնավարութենէն (աւտոնոմիա) անդին չէր անցնիր, դնելով զայն թրքական կամ ռուսական վեհապետութեան տակ։ Իսկ երբ փաստօրէն ստեղծուեցաւ Հայաստանի անկախ պետութիւնը, շատ շատերը դեռ կ’երազէին մանդատներու, օտար խնամարկութեանց մասին։ Դարերով ստրկացած հայուն հոգին չէր կրնայ ապրիլ կատարելապէս ազատ, անկախ ու ինքնիշխան։ Եւ հայ քաղաքական ստրուկին միտքը անպատճառ տէր մը կը փնտռէր մեր ազգին համար, փնտռելով զայն աշխարհի ամէն կողմ եւ բաղխելով ամէն օտար դուռ։
XXXIV
Կովկասեան ճակատը
Ի՞նչ կը ներկայացնէ սակայն անկախութեան համար մեր իրականութիւնը, որ մնացած է իբրեւ ժառանգութիւն մօտիկ անցեալէն։
Մինչեւ 1918 թ․ հայ ժողովրդի ազատագրութեան գործը ունեցեր է երկու ճակատ, որոնցմէ միայն մէկուն՝ թրքահայկականին վրայ գրեթէ բացառապէս կեդրոնացած էր մեր ամբողջ պայքարը տասնեակ տարիներ շարունակ։
Հ․ Յ․ Դաշնակցութիւնը, թէեւ ծնաւ Կովկասի մէջ, բայց սնուցեաւ, աճեցաւ ու ապրեցաւ Թրքահայաստանի դատով, որ կէս դար անընդհատ մեր բոլոր սերունդներու ոգեւորութեան աղբիւր դարձաւ։ Հայութիւնը Կովկասի մէջ իր բովանդակ քաղաքական կորովը սպառեց Թրքահայաստանի ազատագրութեան համար, անտես առնելով իր տեղական կարիքները եւ երկար ատեն ինքզինքը անշարժութեան մատնելով ցարական ռեժիմի հանդէպ, որուն դէմ կը պայքարէին Ռուսիոյ գրեթէ բոլոր ժողովուրդները։
Համաշխարհային պատերազմէն եւ ռուսական մեծ յեղափոխութենէն առաջ՝ Հայաստան ըսելով ամէն մէկ հայ կը հասկնար Թրքահայաստանը։ Իսկ Կովկասի մէջ գտնուող մեր երկիրը, որ 1918-1920 թ․թ․ կազմեց հայկական անկախ հանրապետութիւնը, ծածկւած էր թանձր մշուշով մը հայուն քաղաքական գիտակցութեան մէջ։
Ոչ ոք գիտէր անոր սահմանները։ Ոչ ոք կը համարձակէր մտածել անոր ազատութեան եւ մանաւանդ անջատման ու անկախութեան մասին։ Այդ հողամասի վրայ չկար անկիւն մը, որուն հայկական ըլլալը չժխտէին մեր բախտակից դրացի ժողովուրդները։ Եւ ոչ մէկի մտքէն իսկ կ’անցնէր, թէ օր մը ցարական կայսրութիընը այնքան պիտի քայքայուի ու տկարանայ, որ կարելի ըլլայ լրջօրէն ձգտել Ռուսահայաստանի ազատ ու անկախ գոյութեան։
Այս ալ պատճառներէն մէկն էր, որ բոլոր հայկական հատուածներու հայեացքը ուղղւած էր դէպի Թրքահայաստան, որուն մէջ տիրող տաժանելի, հայաջինջ ռեժիմը շուտափոյթ օգնութիւն կը պահանջէր։
1915 թ․ թուրքերը կանխամտածուած դիւային ծրագրով մը սրբեցին հայկական զանգուածը Թրքահայաստանի վիլայեթներէն։ Մահացու հարուած մըն էր այս՝ ուղղուած քաղաքական դաշտին, որուն վրայ ծանրացած էր մինչ այդ բովանդակ հայութեան յեղափոխական միտքն ու կորովը։ Մէկ հարուածով մէջտեղէն կը վերցուէր մեր ազատագրական պայքարին բուն առարկան՝ թրքահայ ժողովուրդը եւ անոր ողջ մնացած փոքրիկ բեկորները կը նետուէին մայր երկրէն հեռաւոր վայրեր։
Եւ Թրքահայաստանի ազատութեան երազը, որ ռուսական բանակի յաղթանակով այնքան մօտեցած կը թուեր իրականացման, յանկարծ օդը կը ցնդէր կամ, լաւագոյն պարագային, կը մատնուէր մութ եւ մահասարսուռ անորոշութեան մը։
Կենդանի մնացած հայութիւնը բնազդով զգաց հարուածին ահաւորութիւնը, բայց հայ քաղաքական միտքը անկարող եղաւ շուտով մարսել կատարուած իրողութիւնը, որ հիմնապէս կը փոխէր մեր իրականութիւնը, եւ դեռ երկար ատեն ի վիճակի չեղաւ այդ ողբերգական իրողութենէն հանել անհրաժեշտ եզրակացութիւնները։
Աններելի ռոմանթիզմով տարուած՝ շատ շատեր դեռ տարիներ շարունակ յամառեցան պաշտպանել այն աղէտաւոր ու ցնորական գաղափարը, թէ հայկական զանգուածէն իսպառ դատարկուած Թրքահայաստան մը առանձին կարող է տակաւին հիմ ծառայել անջատ Թրքահայաստանի գոյութեան համար։ Եւ Պօղոս Նուբար փաշաներն ու անոր կարճամիտ ու աղանդամոլ Ռամկավար հետեւորդները բութ յամառութեամբ չկրցան կամ չկամեցան ըմբռնել, որ թրքահայկական դատը, թրքահայ մեծ աղէտին հետեւանքով, արդէն անբաժանորէն կապուած է կովկասեան Հայաստանի բախտին հետ եւ թէ առանց Կովկասահայաստանի ոյժին ու օգնութեան այլեւս անկարելի է Թրքահայաստանի մը գոյութիւնը։
1919 թ․ մայիսի 28-ի պատմական աքտով, որ հռչակեց Միացեալ Հայաստանի գաղափարը, Հ․ Յ․ Դաշնակցութիւնը հանդիսաւորապէս ժխտեց թրքահայ դատի անջատ լուծումը եւ շեշտեց այն առողջ, իրատես եւ գործնական միտքը, թէ Թրքահայաստանի միակ բանալին այժմ Կովկասահայաստանն ու անոր սահմաններուն մէջ ստեղծուած հանրապետութիւնն է, որուն միջոցով կարելի պիտի ըլլայ միայն գրաւել թրքահայկական նահանգներն եւ նորէն հայաբնակ դարձնել զանոնք։
Մեզի մնացած այս միակ գործնական ճամբան սակայն բուռն ցասումով մերժուեցաւ հայ գաղութներու մէկ որոշ մասին կողմէ, որ կը շարժուէր Պօղոս Նուբար փաշաներու իմաստուն ցուցմունքներով։ Եւ մայիս 28-ի աքտը անոնց աչքին դարձաւ նոյնիսկ Հ․ Յ․ Դաշնակցութեան ամենէն մեծ յանցանքներէն մէկը։
Մեր հակառակորդները ոչ մէկ պարագայի տակ կ’ուզէին կապել թրքահայկական «ապահով» դատը «Երեւանեան հանրապետութեան» «կասկածելի» բախտին հետ։ Չափէն աւելի խոհեմ Ռամկավար քաղաքագէտները կը կարծէին, թէ թրքահայկական դատը կարող է միմիայն վտանգուիլ, եթէ կապուի ու միացուի կովկասեան Հայաստանի հանրապետութեան գոյութեան խնդրի հետ, եւ թէ ան պէտք է լուծուի միանգամայն անջատ Երեւանէն։
Երբ Հայաստանի հանրապետութիւնը նւաճուեցաւ քեմալական եւ բոլշեւիկեան ոյժերու կողմէ, Ռամկավար դիւանագէտները թրքահայկական պետութեան ձգտումը վերածեցին Ազգային Տան պահանջին, որ առաջին անգամ ձեւակերպուեցաւ իրենց բարեկամ միսիոնարներու կողմէ 1921 թ․ մարտին Լոնտոնի քոնֆերանսի մէջ եւ թաղուեցաւ երկու տարի ետքը, Լօզանի առաջին քոնֆերանսի զամբիւղին մէջ։ Իսկ այսօր թրքահայկական առանձին դատի կամ Ազգային Տան ամենէն մոլեռանդ ջատագովներն անգամ հայկական պետութեան միակ կորիզը կը սեպեն արդէն միմիայն կովկասեան Հայաստանը, որ Խորհրդային անունը կը կրէ բոլշեւիկեան գրաւման հետեւանքով։
Պէտք եղաւ ուրեմն եւրոպական եւ ամերիկեան դիւանագիտութեան դաժան ու ցնցող դասը, որպեսզի ազգային դիւանագէտներ ըլլալու յաւակնութիւն ունեցող մեր քաղաքական մանուկները վերջապէս ըմբռնեն, թէ հայկական բովանդակ հարցի միակ իրական հողը կովկասեան Հայաստանն է, ուր նստած է գրեթէ մէկ եւ կէս միլիոն հայութիւն, թէ հայկական պետութեան ստեղծագործման համար միակ հնարաւոր ելակէտն ու յենարանը կովկասեան Հայաստանն է եւ թէ վերջապէս Թրքահայկական դատի ալ լուծման միակ ճամբան այսօր կ’անցնի միմիայն կովկասեան Հայաստանի վրայով։
Կարելի է վիճել Խորհրդային Հայաստանի իրաւական էութեան մասին, իբրեւ պետութեան։ Կարելի է տարակարծիք ըլլալ խորհրդային ռեժիմի նշանակութեան մասին մեր ժողովրդի գոյութեան համար։ Բայց ոչ մեկ ողջամիտ հայ չի կարող ժխտել այսուհետեւ, որ Խորհրդային կոչուած Հայաստան հողամասը այսօր միակ քաղաքական ասպարէզն է մեր պետական շինարարութեան համար։ Որեւէ կասկած չի կարող ըլլալ այլ եւս այն մասին, թէ հայ հանրապետութեան ժառանգորդ Խորհրդային Հայաստանն է նաեւ ապագայ հայկական պետութեան կորիզը։
Մենք կարող ենք պայքարել եւ նոյնիսկ կատաղիօրէն պայքարել խորհրդային յոռի ռեժիմի դէմ, մենք կարող ենք ժխտել Երեւանի ներկայ իշխանութեան հայկական ըլլալն իսկ, բայց երբեք այդ չպիտի նշանակէ, թէ մեր բացասական կամ թշնամական վերաբերմունքը ուղղուած է նաեւ պետական այն կորիզի դէմ, որ Հայաստանի հանրապետութենէն մնացած է Խորհրդային Հայաստանին, եւ ոչ ալ այն ժողովուրդին դէմ, որ կ’ապրի հոն եւ որ երէկ կրցաւ ստեղծել հայկական պետութիւնը եւ վաղն ալ ― վստահ ենք ― պիտի կարենայ վերականգնել զայն։
Բովանդակ հայութեան համար Խորհրդային Հայաստանը, իբրեւ հողամաս, իբրեւ ժողովուրդ եւ իբրեւ ազգային-վարչական միաւոր, կը դառնայ այսուհետեւ մեր բոլոր քաղաքական ձգտումներուն եւ ճիգերուն միակ անմիջական եւ խտացեալ նպատակակէտը, որովհետեւ, ինչպէս ըսինք, ան է այժմ նաեւ միակ ճամբան, որ կարող է մեզ օր մը տանիլ դէպի Թրքահայաստան։
Մնացած բոլոր ճամբաները, որոնք եղած են անցեալի մէջ, մեզի համար փակուած են արդէն, թերեւս վերջնականապէս։ Եւ որքան ատեն, որ Խորհրդային Հայաստանը, իբրեւ հայկական միջնաբերդ, հզօր եւ անխորտակելի ոյժ մը չէ դարձած, ցնորք պիտի մնայ ե՛ւ Թրքահայաստանի ազատագրութիւնը։
Հետեւաբար ամրացնել այդ միջնաբերդը բոլոր տրամադրելի միջոցներով՝ կը նշանակէ նաեւ ծառայել թրքահայկական դատին։
Մեր ազգային ներկայ քաղաքականութեան ամենէն ստիպողական պահանջն է այս։
Իսկ ամրացնել մեր միջնաբերդը կարող ենք ներկայ պայմաններու մէջ միայն հոն ապրող հայկական զանգուածի տնտեսական վիճակը բարձրացնելով, որ ե՛ւ իր կարգին պիտի նպաստէ ժողովրդի աւելի արագ բնական աճման եւ միեւնոյն ատեն պիտի ստեղծէ ներգաղթի աւելի ընդարձակ հնարաւորութիւններ։
Այսպիսով թրքահայկական ճակատէն սկսելով՝ հայ ժողովրդի ազգային քաղաքական պայքարն ու հանրային աշխատանքը, վերջին տասնամեակի առաջ բերած տակնուվրայութեան հետեւանքով, իրերու երկաթէ անհրաժեշտութեամբ կը կեդրոնանան բացառապէս ռուսահայկական կամ կովկասահայկական ճակատին վրայ, որուն հետ կը կապուին այժմ նաեւ թրքահայ զանգուածի դժբախտ մնացորդներու եւ բոլոր հայ գաղութներու բովանդակ յոյսերն ու կարելիութիւնները․․․
Հատվածներ Ռուբէն Դարբինեանի «Հայ քաղաքական մտքի դեգերումները» հոդվածից, (տպված «Հայրենիք» ամսագրի առաջին 12 համարներում՝ 1922-23 թթ.-ին)
Աղբյուրը՝ hambardzum.am կայքի արխիվ